ԼՈՒՍԱՆԿԱՐԻՉ ԺԱՄԱԼ ՍԱՅՏԷԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ԷԼ. ԷՅ. ԹԻ. ՍԻ.Ի ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ
Չորեքշաբթի, 20 յունիս 2011-ին Էլ. Էյ. Թի. Սի. այցելեց եւ վարժարանի հին ու նոր աշակերտներուն հետ հանդիպում ունեցաւ յայտնի լուսանկարիչ Ժամալ Սայտէ: Ան աշակերտներուն պատմեց իր փորձառութենէն, իր լուսանկարներուն ճամբով զանոնք փոխադրեց իր աշխարհը, գաղափարներ տուաւ, ինչպէս նաեւ աշակերտներուն հետ մտքերու փոխանակում կատարեց: Օգտաշատ հանդիպումին ընթացքին զարգացաւ լուսանկարչական ոլորտն ու աշակերտներուն մտահորիզոնը: Անոնք լիցքաւորուեցան Ժ. Սայտէի արտայայտիչ լուսանկարներով եւ ստեղծագործութիւններով:
CATEGORIES Անդրադարձ

