Արուեստի Աշխարհէն. Համակարգիչներ Կը Ստեղծեն Արուեստական Երաժշտութիւ

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Մերօրեայ պատասխա՞նը Մոցարթին:

Մերօրեայ պատասխա՞նը Մոցարթին:

ԱՐԴԵՕՔ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻՉՆԵՐ ԿՐՆԱ՞Ն ՅՕՐԻՆԵԼ ԶԳԱՑԱԿԱՆ ԳԵՂԵՑԻԿ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԻՒՆ: ԳԻՏՈՒԹԵԱՆ, ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԵՒ ԸՆԴՀԱՆՐԱՊԷՍ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՄԻՋԵՒ ԿԱՊԵՐՈՒ ՄԱՍՆԱԳԷՏ ՖԻԼ ՊՈԼ «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.»-Ի ԿԱՅՔԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ԳՐԷ ԵՐԱԺԻՇՏԻ ՄԸ ՄԱՍԻՆ, ՈՐ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐ Կ՛ՈՒՂՂԷ ԸՆԴՀԱՆՐԱՊԷՍ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ ԲՆՈՅԹԻՆ:

Երբ Փիթըր Ռասըլ առաջին անգամ լսած էր արտասովոր երաժշտութիւնը, զարմացած էր եւ` հրճուած: «Սենեկային երաժշտութեան հաճելի գործ մըն էր,- գրած էր ան,- որ կը յիշեցնէր 20-րդ դարու սկիզբի ֆրանսական կտորները: Քանի մը անգամ լսելէ ետք սկսայ սիրել զայն»:

Ռասըլ երաժշտութեան մասնագէտ էր, սակայն չէր գիտեր, թէ «Հըլօ ուըրլտ» վերնագիրով երաժշտական այս գործը յօրինուած էր վերջերս, Իամըս անունով համակարգիչի մը կողմէ: Այլ ունկնդիրներ, որոնք տեղեակ չէին, նոյնպէս խաբուած էին:

Սպանիոյ մէջ Մալակայի համալսարանէն համակարգիչի մասնագէտ Ֆրանսիսքօ Վիքօ իր պաշտօնակիցներուն հետ ստեղծած է Իամըսը, որ ունի նաեւ նոր ընկերակից մը` Մելոմիքս 109-ը. այս մէկը կը յօրինէ «ժողովրդային» երաժշտութիւն:

Կարելի է մտածել, թէ լուրջ երաժիշտներ պիտի արհամարհէին համակարգչային հանրահաշիւով (ալկորիթմ) յօրինուած երաժշտութիւնը: Սակայն, ոմանք արդէն շատ լուրջ մօտեցում սկսած են ցուցաբերել Իամըսի գաղափարներուն նկատմամբ: 2012-ին հրապարակուած խտասալիկ մը, որ կը պարունակէր Իամըսի յօրինումները, կը ներկայացնէր կատարումներ` աշխարհի առաջնակարգ երաժիշտներուն կողմէ, ներառեալ` Լոնտոնի Սիմֆոնիք նուագախումբը, ինչպէս նաեւ` սպանացի յօրինող երաժիշտ եւ դաշնակահար Կուսթաւօ Տիազ-Խերեզը, որ կը պաշտօնավարէ Սպանիոյ Սենթրօ Սուփերիոր տը Մուզիքա տել փայիս վասքօ երաժշտանոցին մէջ եւ Իամըսը կը ծառայեցնէ նոյնիսկ օփերա մը յօրինելու նպատակին:

Համակարգիչներու ստեղծումին առաջին օրէն երաժշտութիւն յօրինելու բազմաթիւ փորձեր կատարուած են: Սակայն անոնցմէ ոչ մէկը նոյնքան լուրջ ուշադրութեան արժանացած է:

Նոյնիսկ Իամըսի հպանցիկ ունկնդրութիւն մը կրնայ սկեպտիկները համոզել, թէ անիկա երկար ճամբայ կտրած է Էմըլի Հաուըլ համակարգիչի ծրագիրին միջոցով արտաբերուած երաժշտութենէն: Այս ծրագիրը ստեղծած էր երաժշտութեան ամերիկացի դասախօս Տէյվիտ Քոփ: Իամըսի յաջողութեան գաղտնիքը հանրահաշիւ մըն է, որ կը գործէ բնական ընտրութեան գործընթացով: Այսինքն անիկա կ՛առնէ պատահականօրէն ստեղծուած երաժշտական պատառիկ մը եւ փոփոխութեան կ՛ենթարկէ զայն: Իւրաքանչիւր փոփոխութիւն կը գնահատուի տեսնելու համար, թէ արդեօք կ՛ենթարկուի՞ նախապէս ճշդուած յատուկ օրէնքներու. օրինակ` խազերը պէտք է կարելի ըլլայ նուագել խնդրոյ առարկայ երաժշտական գործիքով մը, կամ` պէտք է յարմարին երաժշտական որոշ սեռի մը, որպէսզի մեղեդիները եւ ներդաշնակութիւնները յարմարին տուեալ ոճի մը: Այսպէս, սկզբնական պատառիկը աստիճանաբար կը սկսի նմանիլ իրական երաժշտութեան, եւ «եղափոխական գործընթացը» կանգ կ՛առնէ, երբ բոլոր օրէնքները կը յարգուին: Այս ձեւով կարելի է հարիւրաւոր տարբերակներ արտադրել` սկզբնական նոյն նիւթը օգտագործելով:

Ձեւով մը համակարգչային հանրահաշիւները այնքան ալ տարբեր գործ մը չեն կատարեր յօրինելու այն գործընթացէն, զոր միշտ ալ կիրարկած են երաժիշտները: Օրինակ` խուսափերգը (ֆիւկ), զոր երաժիշտներ յօրինած են պարոք ժամանակաշրջանէն մինչեւ արդի ժամանակները, կը հետեւի նոյն գործընթացին. երաժիշտը կ՛առնէ երաժշտական փոքր գաղափար մը, փոփոխութիւններու կ՛ենթարկէ զայն, կը կիրարկէ օրէնքներ, որոնք գաղափարը կ՛ընդարձակեն, կը զարգացնեն եւ կը կառուցեն իրարու վրայ կուտակուող ձայներով` յարգելով ներդաշնակութեան կարգ մը հիմնական եւ անհրաժեշտ պայմաններ: Հնչեակներ (սոնաթա) եւ յարմարանուագներ (քոնչերթօ) եւս կը կառուցուին յստակ օրէնքներով:

Ցարդ Իամըսի ամէնէն յատկանշական գործերը բոլորին ճաշակին չէ, որ կը յարմարին: Անոնք յօրինուած են արեւմտեան երաժշտութեան ձայնաստիճաններու համակարգէն խուսափող արդիապաշտ ոճով, զոր շատեր խորթ եւ վանողական կը նկատեն: Օրինակ` կը յիշեցնեն Պըրթուիսըլի կամ Պերիոյի երաժշտութիւնը, եւ ոչ` Պրամզի կամ Պեթհովենի: Սակայն Տիազ-Խերեզ շատ աւելի հարուստ եւ գոհացուցիչ կը նկատէ զայն, քան` 1950-ական եւ 1960-ական տարիներու արդիապաշտ երաժիշտներու փորձարկութիւնները, որոնք հիմնուած էին ձայնաստիճանի, կշռոյթի եւ երաժշտական այլ յարաչափութիւններու գրեթէ պարագայական ընտրութիւններու վրայ: Ոմանք կրնան մտածել, թէ մինչեւ որ Իամըս չապացուցէ, թէ կրնայ յօրինել աւելի ծանօթ տեսակի երաժշտութիւն, զոր կարելի ըլլայ բաղդատել Մոցարթի գործերուն հետ, կասկածելի կը մնայ անոր իրական կարողականութիւնը` իբրեւ երաժշտութեան վարպետի:

Ուրիշներ, ինչպէս երաժշտութեան քննադատ Թոմ Սըրվիս կ՛ըսեն, թէ Իամըսը ստեղծած մասնագէտները սխալ մը գործած են զայն ծրագրելով այնպէս, որ յօրինէ երաժիշտներու գործերուն նման երաժշտութիւն` օգտագործելով աւանդական նուագախումբերու յատուկ ձայները, փոխանակ փորձելու, թէ արդեօք անիկա կրնա՞յ արտադրել աւելի նոր երաժշտութիւն:

Սակայն Վիքօ կը շեշտէ, թէ տակաւին աշխատանքին սկիզբն է, եւ թէ` զինք ամէնէն աւելի կը խանդավառէ համակարգիչի միջոցով երաժշտական նոր ձեւեր ստեղծելու կարելիութիւնը` հաւանաբար միաձուլելով գոյութիւն ունեցող երաժշտական սեռերու յատուկ օրէնքները:

Այսուհանդերձ, թերեւս Իամըսի գերագոյն արժէքը ոչ թէ անոր յօրինելու կարողութիւնն է, այլ` երաժշտական գաղափարներու գործարան մը ըլլալու յատկութիւնը, ուրկէ մարդիկ կրնան ներշնչուիլ եւ յօրինել:

«Կը կարծեմ, թէ ապագային պիտի ունենաք երկու տեսակի յօրինողներ. անոնք, որոնք կ՛ընդունին, թէ կ՛օգտագործեն Իամըսի շտեմարանը, եւ անոնք, որոնք չեն ընդունիր», կ՛ըսէ Տիազ-Խերեզ:

Կարելի է փորձութեան մատնուիլ եւ այս մէկը կոչել խաբէութիւն. այսինքն` օգտուիլ համակարգիչի մը արտադրած գործէն եւ զայն կոչել սեփական ստեղծագործութիւն: Սակայն Տիազ-Խերեզ կը վիճի, թէ այս մէկը պիտի ստեղծէր թիւր հասկացողութիւն մը երաժշտական յօրինումի նկատմամբ, ինչպէս` միշտ: Երաժիշտներ միշտ ալ օգտագործած են վերոնշեալ օրէնքները, սակայն իրարմէ փոխ առած են գաղափարներ եւ պատառիկներ` փոխանակ պարագայական գաղափարներու ազատ հոսք մը ստեղծելու: Պախի «Տը ուել թեմփըրտ քլաւիէ» վերնագիրով ստեղնաշարի խուսափերգներէն շատերը, որոնք յաճախ կը նկատուին անոր հանճարին մարմնացումը, կը պարունակեն երաժիշտին կանուխ ժամանակներու գործերէն բնաբաններ: Այլ արուեստներու պատկերը եւս տարբեր չէ. անոնք տեւաբար ընդօրինակած են ոճեր եւ բնաբաններ:

Հետեւաբար, Իամըսի շտեմարանին մէջ փնտռտուքներ կատարելը պարզապէս անցեալի սովորութիւններուն մէկ շարունակութիւնը պիտի ըլլայ: Տիազ-Խերեզի համաձայն, ճշմարտութիւնը այն է, թէ երաժշտական յօրինումը աւելի մեթոտաբանութեան վրայ հիմնուած արհեստ մըն է, քան` երկնային ներշնչումի արդիւնք, ինչպէս սովորաբար կը կարծուի: Եւ ինչպէս բոլոր արհեստները, անիկա յաճախ կ՛արտադրուի պայմանաժամ մը յարգելու պարտաւորութեամբ, հետեւաբար գործընթացը նկատառելի կերպով պիտի արագանայ Իամըսի պատրաստ տարբերակներուն օգտագործումով, ինչպէս կ՛ըսէ ան: Պայման չէ, որ մէկը զանոնք օգտագործէ առանց փոփոխութիւններ կատարելու, այլ կրնայ այնպիսի փոփոխութիւններ կատարել, որ անոնք իրենց ներգործութիւնը ունենան` բարեփոխութեան նպատակով. օրինակ` աննպատակ ձայն մը ջնջեն, խազ մը այլափոխեն: Սակայն ան կը շեշտէ, թէ Իամըս արդէն կրնայ յօրինել երաժշտական նորութիւններով յատկանշուած բազմերես գործեր:

Այն իրողութիւնը, թէ Իամըս կրնայ բազմաթիւ ունկնդիրներու հաւատացնել, թէ իր երաժշտութիւնը մարդկային է, համազօր է յաջողութեամբ անցընելու համակարգիչի ռահվիրայ Ալըն Թուրինկի քննութիւնը, որ կը չափէ մեքենայի մը արհեստական խելացութիւնը: Եթէ չենք կրնար տարբերել համակարգիչի մը եւ մարդկային հակազդեցութիւնները, ապա տրամաբանական որեւէ պատճառ չկայ մեքենային զլանալու իր «խելացութիւնը»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )