Արուեստի Աշխարհէն. Մոնա Լիզայի Պատահած 10 Յոռեգոյն Բաներ

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԹԱԳԱՒՈՐՆԵՐԸ ԶԱՅՆ ԿԱԽԱԾ ԵՆ ԻՐԵՆՑ ԲԱՂՆԻՔՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ՆՆՋԱՍԵՆԵԱԿՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ, ԳՈՂ ՄԸ ԶԱՅՆ ՊՈԿԱԾ Է ԼՈՒՎՐԻ ԹԱՆԳԱՐԱՆԷՆ, ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԳՈՐԾԵՐ ՓՆՏՌՈՂ ՆԱՑԻՆԵՐ ՀԱԼԱԾԱԾ ԵՆ ԶԱՅՆ, ԾԱՆՈՒՑՈՂՆԵՐ ՉԱՐԱՇԱՀԱԾ ԵՆ, ԽՈՒԼԻԿԱՆՆԵՐ ՅԱՐՁԱԿԱԾ ԵՆ ԱՆՈՐ ՎՐԱՅ… ՀԻՆԳ ԴԱՐԵՐՈՒ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ, ՊԱՏԵՐԱԶՄՆԵՐՈՒ, ՁԱԽԱՒԵՐ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԵՒ ՏԱՐՕՐԻՆԱԿ ՎԵՐԱՐՏԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԴԻՄԱՆԱԼՈՎ` ՄՈՆԱ ԼԻԶԱ ՓԱՍՏԱԾ Է, ԹԷ ԱՒԵԼԻՆ Է, ՔԱՆ` ԳԼՈՒԽ ԳՈՐԾՈՑ ՄԸ: ԱՆ ՎԵՐԱՊՐՈՂ ՄԸՆ Է, ԻՆՉՊԷՍ ԿԸ ԳՐԷ «ՏԸ ՀԱՖԻՆԿԹԸՆ ՓՈՍԹ»:

Արուեստի սակաւաթիւ գործեր նոյնքան արկածախնդրութիւններ եւ ձախորդ փորձառութիւններ ապրած են իրենց շրջանակէն ներս, թէ դուրս: Ֆլորանսցի այս ազնուական կինը դուրս եկած է իր պաշտօնական շրջազգեստէն, ներկայացած է արեւու ակնոցներով, գանգուր մազերով, իսլամական քողով, ճափոնական քիմոնոյով, հնդկական սարիով, քթին օղով, Միքի Մաուսի ականջներով, սեւ մոյկերով, Կաղանդ պապայի գլխարկով, թափանցիկ շապիկով, նաեւ` մերկ: Քշած է մոթորսիքլեթ եւ ջորի, ոտքին անցուցած է սքէյթպորտ եւ դահոյկ, վառած է ծխախոտ եւ ստացած է ցանկայարոյց կերպարանք: Անցեալ տարի ՆԱՍԱ նոյնիսկ Մոնա Լիզայի պատկերը արձակեց դէպի լուսին: Ինչո՞ւ ոչ: Ան այցելած է ամէն տեղ:

Լէոնարտոյի բնորդը` Մոնա (տիկին) Լիզա Կերարտինի տել Ճիոքոնտօ երբեք չէր կրնար երեւակայել նման արտասովոր յետմահու կեանք մը իր դիմանկարին համար: Անոր նուաճած բարձունքները իրապէ՛ս բարձր եղած են, իսկ խայտառակութիւնները` իրապէ՛ս ամօթալի: Ահաւասիկ կը վկայենք.

1. Տասնամեակներ շարունակ ապրած է շոգիով լեցուն բաղնիքի մը մէջ

985mona3Ֆրանսայի Ֆրանսիս Ա. թագաւորը այսօրուան չափանիշներով 10 միլիոն տոլար վճարած է տիրանալու համար Մոնա Լիզայի դիմանկարին եւ զայն կախած է Ֆոնթանպլոյի իր 6 սենեակնոց շոգիով բաղնիքին մէջ, ուր իր հիւրերուն հետ կը լոգնար, կը ծխէր եւ կը քրտնէր: Տասնամեակներ շարունակ խոնաւութեան բարձր մակարդակները իրենց աւերը գործած են կնոջ դիմանկարին վրայ: Աւերը սրբագրելու միտումով վերանորոգող մը դիմանկարը ծածկած է ջնարակի հաստ խաւով մը, ինչ որ ժամանակի ընթացքին սարդոստայնի նման ճեղքերու ցանց մը յառաջացուցած է մակերեսին վրայ: Այնուհետեւ Մոնա Լիզա միշտ ներկայացած է այս «քողով»:

2. Ներշնչած է ճակատագրական սէրեր

Մինչ վիպապաշտութիւնը կիրքեր կը հրահրէր 19-րդ դարուն, Մոնա Լիզա կը դառնար հազարումէկ երեւակայութիւններու ներշնչման աղբիւրը: «Սիրահարներ, բանաստեղծներ, երազողներ կ՛երթան մեռնելու անոր ոտքերուն տակ», գրած է արուեստի գործերու ֆրանսացի մասնագէտ մը` 1861-ին: Այս հաստատումը չափազանցութիւն չէր: Արուեստագէտ Լուս Մասփերօ Փարիզի իր պանդոկին չորրորդ յարկէն վար նետած էր ինքզինք` իր ետին ձգելով երկտող մը, որ կ՛ըսէր. «Տարիներ շարունակ անյոյս կերպով պայքարեցայ անոր ժպիտին դէմ: Կը նախընտրեմ մեռնիլ»:

3. Առեւանգուած է

Մոնա Լիզա անհետացաւ 21 օգոստոս 1911-ին: Դիմանկարին տեղ միայն 4 երկաթէ կեռեր մնացած էին, եւ` նկարին քառանկիւն ուրուականը: Թերթեր հրատարակեցին անոր նկարները` «դարուն կողոպուտը» վերնագիրին տակ, եւ միլիոնաւոր անձեր սգացին, կարծէք անձ մը կորսուած էր, եւ ոչ` դիմանկար մը: Անհաւանական գողը` Վինչենցօ Փերուճիա իտալացի արհեստաւոր մըն էր, որ աւելի քան 2 տարի Մոնա Լիզան պահած էր Փարիզի իր կացարանին մէջ, ապա` 1913-ին զայն տարած էր Ֆլորանս, յուսալով, որ վարձատրութիւն մը պիտի ստանար: Փոխարէնը` ձերբակալուած էր: Իսկ անոր ինքնապաշտպանութի՞ւնը. կախարդուած էր Մոնա Լիզայի ժպիտով:

4. Արուեստագէտներ կապկած են զայն

Մարսել Տիւշան 1919-ին պեխ մը եւ այծի մօրուք մը գծած է Մոնա Լիզան պատկերող բացիկի մը վրայ եւ արձանագրած է գռեհիկ արտայայտութեան մը սկզբնատառերը: Սալվատոր Տալի, Էնտի Ուորհոլ եւ արդի գեղանկարչութեան այլ վարպետներ չեն յաջողած դիմադրել կուռքի վերածուած այս պատկերը աղաւաղելու փորձութեան: Ժամանակակից արուեստագէտներ տեսողական կատակները չափազանցելով` Մոնա Լիզան վերածած են վայրի անասունի եւ երեւակայական արարածի, ինչպէս` հոյամողէզի եւ միեղջիւրի (եունիքոռն):

5. Գանձեր փնտռող նացիներ հալածած են զայն

Գերմանական ներխուժումի մը դիմադրելու պատրաստուելով` ֆրանսացիք 1939-ին Մոնա Լիզան փախցուցած են Լուվրէն: Բ. Աշխարհամարտին ան տեղափոխուած է ապաստանարանէ ապաստանարան: Թաքստոցներէն մէկը Ամպուազի դղեակն էր, որ կը գտնուէր այն բնակարանին կից, ուր Լէոնարտօ ապրած էր իր կեանքին վերջին տարիներուն` Լիզայի դիմանկարին հետ:

6. Յարձակումի ենթարկուած է

Խուլիկան մը 1956-ին թթու թափած էր գեղանկարին վարի մասին վրայ: Նոյն տարուան վերջաւորութեան պոլիվիացի երիտասարդ մը քար մը նետած էր անոր վրայ, եւ Մոնա Լիզայի ձախ արմուկէն ներկի կտոր մը թափած էր: Փամփշտարգել, երեք խաւերէ կազմուած ապակի մը Մոնա Լիզան պաշտպանած է նորագոյն յարձակումներուն դէմ. տարիներ առաջ ռուս կին մը Լուվրի յուշանուէրներու վաճառատունէն իր գնած թէյի գաւաթը նետած էր գեղանկարին վրայ, որովհետեւ ֆրանսական քաղաքացիութեան իր դիմումը մերժուած էր եւ ինք զայրացած էր:

7. Ծանուցողներ օգտուած են անոր պատկերէն

Առեւտրական ընկերութիւններ Լէոնարտոյի պատկերած կինը օգտագործած են վաճառելու համար «Ռամպրանթ» վաճառանիշով ակռայի դեղ մը, «Օլտ մասթըրզ» անունով անուշահոտ մը, «Հետ էնտ շոլտըրզ» մազի օճառը, «Ռընեսանս» պանդոկներու ցանցը, «Քալիֆորնիա» վաճառանիշով կաթը (պատրաստուած` մու-նա-լիզա կովուն կաթէն): Կարելի է գնել Մոնա Լիզայի անունը կրող` տուրմ, շամփանիա, սիկառ, կեղծամ, համակարգիչի խաղեր եւ ծրագիրներ, օճառ եւ ծեփուկ: Ամերիկացի գործարար մը նոյնիսկ կը վաճառէ «արուեստի ոճով լուացարան մը», զոր կոչած է «Փորթա Լիզա»:

8. Սխալ ախտաճանաչուած է

985monaԲժշկագիտական տարբեր տեսութիւններու համաձայն, Մոնա Լիզա յղի էր, շիլ էր, կը տառապէր մեծցած վահանագեղձէ, քոլեսթերոլէ (որ ճարպի տոպրակներ յառաջացուցած էր աչքերուն շուրջ), ունէր դէմքի անդամալուծուած ջիղ մը, որ անշարժութեան մատնած էր բերանը: Ատամնաբուժներ անոր փակ շուրթերով ժպիտը վերագրած են քաշուած կամ ցաւոտ ակռաներու, իսկ ամէնէն աւելի ծայրայեղը` վեներական հիւանդութիւն մը բուժելու համար օգտագործուած սնդիկի, որ փճացուցած էր ակռաները:

9. Կերպարանափոխուած է

985mona2Կաղամախի (փոփլըր) փայտի շերտի վրայ իրագործուած Լէոնարտոյի իւղանկարը վերարտադրուած է ամէն տեսակ նիւթի վրայ, ինչպէս` թէյի գաւաթ, դոնդողէ շաքար (ճելիպին) եւ չորցուած հաց: Չինացի արհեստաւորներ 5 տարի աշխատած են Մոնա Լիզան վերարտադրելու համար գունաւոր գոհարներով: Աւստրալիացիք կառուցած են դիմանկարին 2 քառ. մեթր մեծութեամբ նմանակը` գունաւոր շաքարներով: Ամերիկացի պատանիներ ջրիմուռ (սիուիտ) գործածած են Մոնա Լիզան վերստեղծելու համար Տէյթոնա Պիչի ափերուն:

10. Եղած է ցուցադրական բաներու թագուհին

Անսանձ եւ պատկերի իր շրջանակէն դուրս բերուած` Մոնա Լիզայի դէմքը դրոշմուած է թի-շըրթերու, անձեռոցներու, հովանոցներու, համակարգիչի մուկի բարձիկներու, գաւաթներու, վիզէն կախուող զարդերու եւ պայուսակներու վրայ: Ան կը յայտնուի միաժամանակ ախոռներու եւ գինետուներու մէջ, պանդոկներու եւ հիւանդանոցներու (բերանը ծածկելով` փռնգտալու ժամանակ): Այսուհանդերձ, որքան ալ ստոր վայրեր շնորհազարդած է Մոնա Լիզա, ան երբեք չէ կորսնցուցած իր անժամանցելի ազնուականութեան հմայքը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )