50 Տարի Առաջ (15 Օգոստոս 1964)

Խմբագրական

Կիպրոս` Զոհ Միջազգային
Բարդ Խնդիրներու

Շաբաթ մը առաջ, ճիշդ այսօր, Կիպրոս եղերական ժամեր ապրեցաւ: Մօտ եօթը ամիս առաջ սկսած դէպքերը թաւալգլոր ընթացք մը առին` պատերազմի եզրը տանելով փոքր երկիր մը, որ կը խեղդուէր իր անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը երաշխաւորող դաշնագիրներու ճնշումին ներքեւ: Դաշնադիրներէն մէկը` Թուրքիան, օգտուելով Ցիւրիխի համաձայնութեանց տրամադրութիւններէն, անհարկի կերպով կը միջամտէր կղզիի ներքին խնդիրներուն` թուրք փոքրամասնութեան իրաւունքները պաշտպանելու պատրուակով:

Թրքական միջամտութիւնը զինուորական կերպարանք ստացաւ անցեալ շաբաթ, երբ Անգարա կղզիին վրայ ղրկեց իր օդանաւերը, որոնք անխնայ ռմբակոծեցին յունաբնակ գիւղերը` մարդկային անհամար զոհեր խլելով: Աշխարհ ցնցուեցաւ այս վայրագութեան առջեւ, բայց անգամ մը եւս թուրք նախայարձակը անպատիժ մնաց:

Տարբեր պարագաներու ներքեւ, շատ աւելի նուազ ցնցիչ դէպքերու պարագային հաւա՜ր փրցնող Մոսկուան գոհացաւ զգաստութեան հրաւէրով մը, որ կ՛ուղղուէր թէ՛ Անգարայի եւ թէ՛ Նիկոսիոյ, որուն իշխանութիւնները նոյն օրը խնդրած էին խորհրդային օժանդակութիւնը` թրքական արշաւանքին դէմ:

Քրեմլինի հաշիւներուն մէջ Թուրքիա անկասկած որ աւելի լայն տեղ կը գրաւէ, քան` Կիպրոսը, նոյնիսկ նկատի ունենալով բարոյական այն նպաստը, որ Մոսկուայինը կրնար ըլլալ Ատլանտեանի անդամ երկու զինակիցներու` Յունաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ծագած պատերազմի մը պարագային:

Կիպրոսի վրայ թրքական նախայարձակումը եւ այդ առթիւ կարգ մը տէրութիւններու եւ բարեկամ երկիրներու ձեռնածալ մնալը բազմաթիւ պատճառներ ունի, որոնց մասին եղած մեկնութիւնները ենթադրութիւններու սահմանէն անդին չեն անցնիր:

Կարեւորը, այս պարագային, այն է, որ այս օրերուն, երբ մեծ տէրութիւններն իսկ չեն համարձակիր բռնի ուժի դիմելու` ազգամիջեան վէճեր կարգադրելու համար, Թուրքիան` յաւիտենական «հիւանդ մարդը», յանդգնութիւնը ունեցաւ բիրտ արարքներ գործելու եւ անպատիժ մնաց:

Այս երեւոյթը այսօր առաւելագոյն չափով կ՛օգտագործուի թրքական քարոզչութեան կողմէ` թրքավայել պոռոտախօսութիւններով, չեղածը եղած ցոյց տալով, մինչ ուրիշներ, նման պարագաներու, պիտի ուզէին նուազագոյնը ցոյց տալ իրենց արարքին պատճառած կորուստներն ու վնասները: Հասկնալի է, թէ ինչո՛ւ: Կասկած չկայ, թէ Թուրքիա իր դաշնակիցներէն եւ «թշնամիներէն» արտօնութիւն ստացաւ կատարելու օդային ռմբակոծումներ: Առաջինները այդ արտօնութիւնը տուին չկորսնցնելու համար դաշնակից մը, որ վարպետ է «շանթաժ»-ի մէջ: Իսկ միւսները` իրենց այս ընթացքով կը հետեւէին աշխարհագրական սքանչելի դիրքի մը վրայ գտնուող այդ երկիրը սիրաշահելու թելադրանքին:

Կիպրոս եւ անոր բնական դաշնակիցը` Յունաստան, առանձին մնացին, մինչ իրաւունքի եւ արդարութեան տեսակէտէն, առաւելագոյն պատճառներն ունէին յուսալու աւելի բարեացակամ վերաբերում մը:

Ու հիմա, Փոլիսի եւ Փաֆոսի մխացող աւերակներուն վրայ արեւմտեան տէրութիւնները կը ջանան գոյացնել իրաւավիճակ մը, որ բնաւ նկատի չունի Կիպրոսի ժողովուրդին իրական շահերը: Կը մտածուի Ցիւրիխի համաձայնութիւնները փոխարինել նոր համաձայնութեամբ մը` առանց լսելու բուն ենթական: Կասկած չկայ, որ այս համաձայնութիւնը պիտի գոյանայ Ատլանտեանի զինակցութեան արեւելեան գօտին ամուր պահելու համար: Հոգ չէ թէ` Կիպրոսի ժողովուրդին բաղձանքներուն վրայ քար դնելով:

Առեղծուած կը մնայ միայն Խորհրդային Միութեան անտարբերութիւնը: Քրեմլին, որ ցարդ նուազագոյն առիթէն կ՛օգտուէր` միջարեւմտեան վէճերը խոշորացոյցի տակ առնելու եւ առաւելագոյն չափով հրահրելու համար, այս անգամ ոչ մէկ քայլ կ՛առնէ այդ ուղղութեամբ: Իրմէ զէնք կ՛ուզուի, ինք դեղ կը ղրկէ:

Կը մնայ գտնել այս առեղծուածին բացատրութիւնը, թէեւ ոմանց համար յստակ է, որ ամերիկեան ընտրութեանց ներկայ տարուան ընթացքին Քրեմլին չ՛ուզեր ծանր տագնապներու ստեղծումով յաջողութեան յենարաններ ընծայել հանրապետական Պերրի Կոլտուոթըրի մը, որուն տեսակէտները, միջազգային խնդիրներու նկատմամբ, Մոսկուա վնասակար կը նկատէ Քուպայի տագնապէն ասդին Միացեալ Նահանգներու եւ Խորհրդային Միութեան միջեւ գոյացած լռելեայն հասկացողութեան:

Անգամ մը եւս փոքր երկիր մը եւ անպաշտպան ժողովուրդ մը զոհ կը դառնան միջազգային բարդ հաշիւներու` մահասփիւռ օդանաւերու աւերիչ այցելութեամբ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )