Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Մի՛ տարուիք ասոր-անոր կարծիքներէն, մնացէք երախտագիտական ձեր զգացումներուն տէրը: Իւրաքանչիւր անձ ունի իր մօտեցման ձեւը` որեւէ հարցի շուրջ, հետեւաբար մնացէք ձեր միտքերուն հետ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Այսօր պիտի անդրադառնաք, թէ ձեր կատարած բարիքները չարափոխուած են: Այս հարցը բացատրելու համար պէտք է գիտնաք այն իմաստուն խօսքը, որ կ՛ըսէ` «Չարիքի դէմ բարիք` ազնիւ մարդու գործ»:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Հոգեկան հանդարտութիւն կրնաք ունենալ, որովհետեւ ձեզի վստահուած աշխատանքը կատարած էք բարեխղճօրէն: Պիտի վարձատրուիք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Որոշում տալու դժուարութիւն ունիք: Եթէ հարցը նիւթականի չի վերաբերիր, կրնաք դիմել այս հարցին մասնագէտ անձի մը, կը փրկուիք շուարելէ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր որոշած ծրագիրը չէք կրնար առանձին իրագործել, պէտք ունիք խմբակի մը, որ հասկնայ գործին էութիւնը: Այդպիսով, կրնաք յաջողիլ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Գլուխ գլխի ջերմ հանդիպում մը ձեզ կը սպասէ: Բաց եւ անկեղծ սրտով վերլուծեցէք ներկայացած հարցերը, երկուստեք` տրամադիր աշխատելու:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ինքնագլուխ որոշում տալը յաջողութիւն չի կրնար ունենալ ձեր գիտցած տուեալներով, կամ` ձեր առաջարկներով: Անբաւարար գիտելիքներով ճամբայ մի՛ ելլէք, գործը կը կաղայ: Պարկեշտ գործակիցի պէտք ունիք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Մարզանքը մոռացութեան մի՛ տաք, որպէսզի ձեր առողջութիւնը մնայ կայուն: Ֆիզիքական աշխուժութեան միացուցէք ձեր հոգեկան ոգեւորութիւնը:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ընտանիքի անդամներուն հետ ունիք խնդիր մը, որ անհաշտ կը պահէ ձեզ: Այս պարագային հարկ է որ ունենաք հասկացողութիւն` երկխօսութեամբ լուծելու առկայ հարցը:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Արձակուրդ առէք հանգստանալու համար: Առկախ մնացած գործերը կարգի դրէք: Ձեզի հետ արձակուրդի մի՛ տանիք կիսատ մնացած գործեր: Աւարտեցէք ամէն աշխատանք եւ հանգիստ միտքով հանգստացէք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր աշխատանքին արդիւնքը պիտի քաղէք մօտ օրէն: Թէեւ յոգնեցաք, բայց առանց յոգնութեան ոչինչ կը ստանաք: Վարձատրութիւնը գոհացուցիչ է:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Վիճակահանութեան տոմս մը գնելով` յոյսեր կ՛ունենաք ապագայի հաշուոյն: Բախտը կը ժպտի իր ուզած ժամանակին, դուք ժամադրուեցէք բախտին հետ, եթէ ուշանայ, մի՛ յուսահատիք:

