Խմբագրական. Ապրուած Եւ Ապրեցնող Օրեր (Պանք Օթոմանի Գրաւման 118-Ամեակին Առիթով)

Khemp_Ottoman_BankՀայ յեղափոխական դաշնակցութեան կազմակերպած ցուցական կարեւորագոյն աքթերէն կը նկատուի Պանք Օթոմանի գրաւումը: Դրամատան գրաւումը  բռնամիջոցի տեսքով` ունի սակայն յեղափոխական բարոյական արժեհամակարգին պատկանող գեղեցիկ բաղադրիչներ:

Քանի մը կարեւոր խորհուրդ Պանք Օթոմանի գրաւման նշումին առիթով կ՛ուրուագծուի, աքթին պատմաքաղաքական արժեւորման հերթական փորձի ընթացքին:

Օսմանեան դրամատան գրաւումը կ՛իրականանար Դաշնակցութեան հիմնադրութեան առաջին ժամանակահատուածին: Միայն վեց տարի կը բաժնէ այս հերոսապատումը կուսակցութեան հիմնադրութենէն: Ու պէտք է մտածել գաղափարական բարոյականութեան այն շէնքին մասին, որ կառուցուած էր այդքան արագ ժամանակամիջոցի մէջ: Դրամատունը որեւէ ձեւով հարստահարման միջավայր չնկատելէն սկսեալ մինչեւ ընկերասիրութեան գեղեցկագոյն օրինակներ, մինչեւ մշեցի Միսաքներու մահը ժպիտով դիմաւորելու գերմարդկային ուժ, մինչեւ Բաբգէն Սիւնիներու անձնազոհութիւն եւ Արմէն Գարոներու գործողութիւնը ստանձնելու անտեղիտալի վճռակամութիւն: Ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս այս հերոսները կարճ ժամանակամիջոցին, տակաւին 23  տարեկան հասակին իրենք զիրենք գերազանցեցին յեղափոխական բարոյականութեան օրինակներ տալով, ամէնէն վտանգաւոր նկատուող գործողութիւն յաջողցնելով եւ տակաւին իբրեւ մտայղացում ճիշդ թիրախներ հարուածելով, Եւրոպան ամբողջ ցնցելով:

Այս բոլորը ապրուած օրեր են: Օրեր, որոնք ապրուելով ապրեցուցած են նաեւ ամբողջ ժողովուրդ մը, որ առանց Պանք Օթոմանի նման հերոսապատումներ կերտողներուն պիտի չըլլար այն, ինչ որ է այսօր իբրեւ 21-րդ դարուն ժողովուրդներու եւ պետութիւններու մէջ իր ուրույն տեղը գրաւող ազգ:

Երիտասարդներու այս փաղանգն էր, որ անհրաժեշտութիւնը զգացած էր իբրեւ անյետաձգելի հրամայական, գրաւել Օսմանեան կայսրութեան եւ Եւրոպայի միջեւ տնտեսական յարաբերութիւններու խորրհրդանիշի վերածուած դրամատունը: Ուշացող բարենորոգումները, հայութեան դէմ գործադրուող շարունակական ճնշումները եւ եւրոպական խուլ ականջները ստիպեցին երթալ այս մտայղացումին: Չդպչիլ գումարին, զոհուիլ եւ ճակատաբաց յայտարարել այն բոլոր պահանջները, որոնք ժողովուրդինն են:

Պանք Օթոմանը իր տեսակով նկատուած է առաջինը ցուցական աքթերուն համաշխարհային պատմութեան մէջ: Դէպքին բնոյթէն աւելին սակայն` հերոսներուն ասպետական վերաբերումը  պաշտօնէութեան նկատմամբ, անոնց բիւրեղեայ անտարբերութիւնը դրամատան բաց գանձարանին հանդէպ եւ մանաւանդ անձնազոհութիւնը, մինչեւ վերջին շունչ կռուողներն ու ժպիտով նահատակուողները դէպքը շրջագծեցին յեղափոխական բարոյականութեամբ:

Բռնութիւնը, բռնամիջոցը, ցուցական աքթը այս օրերուն ծայրայեղ կարծրատիպային հասկացողութիւններու վերածուած են: Պանք Օթոմանի հերոսներուն ապրած օրերուն, ժամերուն եւ վայրկեաններուն ծանօթացողն է միայն, որ կրնայ զանազանել յեղափոխութիւնը բռնամիջոցէն, ազատագրական պայքարը ահաբեկչութենէն: Ու ոչ միայն 23-ը, այլ նաեւ 33-ն ու 43-ը եւ դեռ շատ աւելի մեծահասակները պիտի շարունակեն մտածել 23-ամեայ Բաբգէն Սիւնիի  մտայղացումին, կազմակերպումին եւ նահատակութեան պայմաններուն մասին:

Պանք Օթոմանի ասպետները ապրեցան այդ օրերը: Բայց նաեւ ապրեցուցին ժողովուրդը:

Share this Article
CATEGORIES