Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Ճամբորդութենէ եթէ վերադարձած էք, աշխատանքի վերսկսիլը քիչ մը դժուար պիտի ըլլայ, հետեւաբար սկսեցէք դիւրին եւ նուազ ժամանակ պահանջող գործեր կատարելու:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Մի զղջաք անձի մը օգտակար ըլլալու առաջարկը մերժած ըլլալու համար, քանի որ խորքին մէջ նոյն այդ անձը կարիք չունի օգնութեան, պարզապէս պնակալէզ է:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Չէք կրնար կարգի բերել այնպիսի մարդերը, որոնք ի ծնէ ամբարտաւան են եւ ոչինչ կը զգան մարդասիրական կամ ընկերասիրական զգացողութեան մասին: Հեռու կեցէք այդպիսիներէ, որոնք միայն օգտուիլ կ՛ուզեն եւ ոչ օգնել:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Համբերատար ըլլալը հիանալի առաքինութիւն է, բայց ամէն ինչ իր չափին  մէջ օգտակար է: Ձեր տուած պարտքի գումարը պահանջեցէք առանց ձգձգելու:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր սիրած ասպարէզին վերաբերեալ նորութիւններ կան, պէտք է հետաքրքրուիք: Համացանցէն ստացուածը բաւարար չէ, փորձառութեամբ կը շահիք:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Երկար ատենէ ի վեր կը սպասէք կարեւոր լուրի մը, որուն ուշանալը հարցի թող չվերածուի: Քիչ մը եւս համբերեցէք, պիտի լսէք յաջողութեան լուրը:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ուշադիր եղէք ձեր արտայայտած խօսքերուն, հիմնաւորուած կարծիքներ տուէք ձեր խօսակիցին, որպէսզի զուր տեղ մտահոգութիւն չունենան ձեզ լսողները:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Շատ բան գիտնալը պայման չէ ձեր գիտցածը արտայայտելու ամէնուն: Ոմանք կը հասկնան, շատեր` ոչ: Ուրեմն «Ձեր մարգարիտները խոզերուն մի թափէք» ոսկի խօսքին հետեւեցէք:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ապագայի մասին մտածելը անիմաստ է, որովհետեւ գալիքի մասին կարելի չէ մարգարէանալ, հետեւաբար ապրեցէք օրուան շնորհած բարիքներով եւ բարիք ըրէք:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ճշմարտութիւնները ըսելը քաջութիւն կը պահանջէ, մանաւանդ երբ հարցը կը վերաբերի սխալ մը մատնանշելու: Դիւանագիտութիւնը կ՛օգնէ այս պարագային:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Պիտի գտնուիք ձեզի անծանօթ ընկերային շրջանակի մը մէջ, ուր մթնոլորտը ձեր խառնուածքին հակառակն է: Լուռ հետեւեցէք զրոյցներու առանց հակաճառելու:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ներկայ պիտի ըլլաք արուեստի գործերու ցուցահանդէսի մը կամ շարժանկարի ցուցադրութեան մը: Օրը բարի է ձեր փափաքը կատարելու:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )