Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Մի մտահոգուիք ձեր ստանձնած պարտականութեան յաջող աւարտով: Կարողութիւնը ունիք յաջողելու, որովհետեւ այս մարզին մէջ դուք ձեզ կրնաք հանգիստ զգալ: Օրինակելի էք ձեր շրջանակին մէջ: Շարունակեցէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Կեանքն ալ ունի իր քմայքները, հետեւեցէք անցուդարձերուն առանց տրտնջալու, որովհետեւ անցողակի բաներ են բոլորն ալ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր կասկածները զուր պիտի անցնին, պիտի ըլլան ապարդիւն: Շուտով մի յուսահատիք, որովհետեւ ամպերն ալ կը կորսուին, երբ արեւը զանոնք հեռացնէ կապոյտ երկինքէն:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Երկար սպասումէ ետք պիտի կարենաք տիրանալ ձեր փափաքին: Ձեր բարեկամները հրաւիրեցէք զուարթ երեկոյի մը, միասնաբար զուարճացէք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր տեսածը մեկնելու համար պէտք ունիք իմաստուն անձերու: Ականջ մի կախէք որեւէ մէկուն, երազներ հոգի պէս են, կ՛անցնին առանց տեսնուելու:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Անկարելին մի հետապնդէք, անիկա կը յայտնուի ինքնաբերաբար, զարմացնելով ձեզ: Հետեւաբար շուքը եթէ հալածէք, կը փախչի բախտի պէս:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Չափաւորութեան մէջ է խոհեմութիւնն ու քաղաքավարութիւնը, զգայուն վիճակները հասկնալու օր է: Չափ մը դրէք ձեր արտայայտութիւններուն: Կը շահիք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր տեսակէտին վրայ մի պնդէք: Երկխօսութեան նստեցէք ձեզ մտահոգող հարցին շուրջ: Միտքերու շփումէն լոյս կը ծագի: Լաւ իմացէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Մարդը արտաքին տեսքէն դատելը խաբուսիկ կրնայ ըլլալ: Ձեր ծանօթացած անձին հիացէք զայն լաւ ճանչնալէ ետք միայն, որպէսզի չյուսալքուիք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ըրած բարիքիդ համար մի զղջար: Յիշէ այս առածը. «Չարիքի դէմ բարիք ազնիւ մարդու գործ, բարիքի դէմ չարիք` վատ մարդու գործ: Կեանքի կանոնն է այս:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Համբերութիւնը կեանք է եւ իմաստութիւն: Ձեր համբերութեան պտուղը պիտի քաղէք այսօր եւ շատ պիտի ուրախանաք: Միշտ նոյնը ըրէք, կը յաջողիք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ճաշակները եւ գոյները չեն վիճարկուիր: Սիրեցէք ձեր ճաշակին յարմարածը, ուրիշին սիրածին կամ ընտրածին մի հակառակիք: Օրը բարի է:

