50 Տարի Առաջ (18 Օգոստոս 1964)

Պատմական

Մուշեղ Զօրավարին Քանդակը
Ճեզիրէի Մէջ

Մեսրոպ Երէց պատմագիրը շատ հետաքրքրական դէպք մը կ՛աւանդէ մեր պատմութենէն: Հիւսիսային հոներու (թաթարներու) ցեղէն Գեդռեհոն անունով մէկը բռնութեամբ տիրած էր արեւելեան Սուրիոյ` Ճեզիրէէն մինչեւ Մուսուլ, եւ շատ կը տանջէր տեղացի քրիստոնեաները. մինչեւ իսկ համարձակեցաւ արշաւանք կազմակերպել Վասպուրականի կողմերը: Ասիկա կը պատահէր 366 թուականի ժամանակները: Հայերու զօրքերը սաստիկ վախի մէջ էին. Գեդռեհոն ահաւոր հսկայ մըն էր, քաջ պատերազմող եւ անկախ զինուորական մը:

Ասորիները գաղտնի պատգամաւորութիւն մը ղրկեցին հայոց Մուշեղ զօրավարին` աղաչելով, որ զիրենք ազատէ բռնաւորին ձեռքէն:

Մուշեղ հաւաքեց հայ բանակը, մասնաւորապէս կամաւորական գունդեր առաւ Մամիկոնեան ցեղէն: Իրեն օգնութեան եկաւ նաեւ Վարազ, որ Վրահայաստանի իշխանն էր:

Մուշեղ 24,000 զինուորներով իջաւ Տմօրեաց գաւառը (ներկայ Քիւրտիստանը), անկից անցաւ Ալկոյ բերդը, եւ Մարտինի վրայէն իջաւ Սուրիա:

Գեդռեհոն երբ լսեց, թէ հայկական բանակը կու գար, իր զօրքերը երկուքի բաժնեց` մաս մը դարանի դնելով, որ հայերուն կռնակէն յարձակին եւ երկու սուրի մէջ առնեն Մուշեղին բանակը: Բանն այնպէս եղաւ, որ Մուշեղի գունդը առանց ուզելու հանդիպեցաւ դարանակալներուն եւ կոտորեց բոլորը:

Գեդռեհոն անձամբ Մուշեղի դէմն ելաւ.

– Եկուր,- ըսաւ,- արմիններու սուտանուն առիւծ, զքեզ գեղարդովս սպաննելով` արեւուն տաք շողերով խորոված պիտի ընեմ:

Գեդռեհոն առաջ գալով` գեղարդը կը ճօճէր եւ շառաչիւնով իր գլխուն վրայ կը պտտցնէր, ինչպէս արծուի մը թռիչքը:

Մուշեղ ձիէն վար իջաւ, եւ սովորութիւն ունէր բոլոր պատերազմներէն առաջ աղօթել. այս անգամ խնդրեց նաեւ Ս. Ներսէս Պարթեւին բարեխօսութիւնը:

Հոնը չհամբերեց եւ վազեց հայ քաջին դէմ: Իր երկայն նիզակը ցցեց` Մուշեղին կողը խոթելու համար: Մուշեղը վահանով ինքզինք պաշտպանեց գեղարդին դէմ եւ պողպատէ սուրը քաշելով` իջեցուց Գեդռեհոնի ուսին. սուրը ճեղքեց հսկային ուսն ու անցաւ: Ինկաւ հոն հսկան, իր բանակը փախուստ տուաւ, եւ հայերը զիրենք հալածեցին մինչեւ Ճեզիրէի կողմերը:

Ասորի քանդակագործները Տիգրիսի ափերուն պողպատէ գրիչով քանդակեցին Մուշեղին յաղթանակը: Մուշեղ ճերմակ ձիուն վրայ եւ հոնն ալ իր ոտքերուն տակ: Այդ ձորը տեղացիները Հոնի դուռ կը կոչեն մինչեւ մեր օրերը (968):

ՄԵՍՐՈՊ ԵՐԷՑ

ԾԱՆՕԹ.- Անգլիացի հնագէտ Օսթին Լէյարտ արտատպած է Մուշեղին քանդակը իր «Նինուէի հնութիւնները» հատորին մէջ: Թէպէտ քանդակը մաշած է, սակայն դեռ կը տեսնուին ձիաւորը եւ անոր ոտքերուն տակ պարտուած Գեդռեհոնը: Իր ըսածին համեմատ, Ճեզիրէէն Տերկիլեհ տանող ձորին մէջ կը գտնուի:

 

Ս. Աստուածածնայ Տօնը Լիբանանի Մէջ

Լիբանանահայութիւնը մեծ ուրախութեամբ եւ ջերմեռանդ հաւատքով տօնակատարեց Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնը:

Շաբաթ, 15 օգոստոսի երեկոյեան, Պէյրութի թէ գիւղագնացութեան հայաշատ կեդրոններուն մէջ Ս. Տիրամօր անուանակոչութիւնը տօնակատարուեցաւ ընտանեկան խրախճանքներով եւ հրավառութեամբ:

Կիրակի, 16 օգոստոս 1964, աւանդապահ եւ հաւատացեալ հայ ժողովուրդը այս տարի եւս, աննախընթաց բազմութեամբ, Պէյրութէն թէ գիւղագնացութեան վայրերէն ուխտի գնաց Պիքֆայա` կաթողիկոսարանի Ս. Աստուածածին եկեղեցին, որ գեղեցկօրէն բարեզարդուած էր վերջերս, ներսով թէ դուրսով:

Արդարեւ, խուռներամ շարքերով ուխտագնաց հաւատացեալներ խոր երկիւղածութեամբ հետեւեցան սրբազան արարողութիւններուն, որոնց կը նախագահէր Խորէն Ա. կաթողիկոս:

Պատարագիչն էր լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արք. Ուրֆալեան:

Սրբազան հայրը իր հոգեշունչ քարոզով առաւել ամրացուց հաւատքը ժողովուրդին` դէպի Հայաստանեայց Ս. եկեղեցին ու աւանդութիւնները:

Յաւարտ Ս.  պատարագի, տեղի ունեցաւ աւանդական խաղողօրհնէք եւ Անթիլիասի Եկեղեցասէր տիկնանց խնամակալութեան կողմէ պատրաստուած մատաղի օրհնութիւնն ու բաշխումը: Ինչպէս միշտ, անթերի կարգապահութեան հսկեցին ՀՄԸՄ-ի սկաուտները:

Լիբանանահայ բոլոր եկեղեցիներու մէջ եւս տեղի ունեցան հանդիսաւոր Ս. պատարագ եւ խաղողօրհնէք:

Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ պատարագեց Կորիւն վրդ. Գոճապապեան: Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց Մեսրոպ վրդ. Աշճեան:

Բոլոր եկեղեցիները լեցուն էին հաւատացեալներով: Պատարագիչ հայր սուրբերն ու քահանայ հայրերը աւուր պատշաճի քարոզներ խօսեցան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES