ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ամին Ժեմայէլի
Երէկ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը` բաղկացած ընկերներ Յակոբ Խաչերեանէ, Սեպուհ Յովնանեանէ եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիէ, այցելեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլի:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան երկու կուսակցութիւններուն միջեւ գործակցութեան եզրեր գտնելու կարելիութիւնները: Արծարծուեցան նաեւ լիբանանեան ներքաղաքական իրադարձութիւնները:

