Մետվետեւ Ստորագրեց Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Հայաստանի Անդամակցութեան Առնչուող Որոշումը

Տմիթրի Մետվետեւ
Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ ստորագրած է ռուսական կառավարութեան որոշումը Եւրասիական տնտեսական միութեան Հայաստանի անդամակցութեան համաձայնագիրի նախագիծը ընդունելու մասին եւ յանձնարարած է նշուած համաձայնագիրը ստորագրելու առաջարկ ներկայացնել Ռուսիոյ նախագահին:
Յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ կառավարութեան որոշումին նախագիծը ընդունուած էր 7 օգոստոսի նիստին:
Նոյնը պէտք է ընեն նաեւ Ղազախստանի եւ Պիելոռուսիոյ կառավարութիւնները, որովհետեւ այս երեք պետութիւնները կը նկատուին Եւրասիական միութեան հիմնադիր անդամներ:
CATEGORIES Հայկական

