Ըստ Դաւիթ Բաբայեանի. Սոչիի Հանդիպումէն Ետք Զինադադարի Խախտումները Տասնապատիկ Նուազած Են

Դաւիթ Բաբայեան

Դաւիթ Բաբայեան

Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ նախագահներու Սոչիի  հանդիպումէն  ետք, ազրպէյճանական կողմէն  զինադադարի  խախտման դէպքերը նուազած են աւելի քան տասը անգամ: Այս մասին  հարցազրոյցի մը մէջ տեղեկացուց Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Դաւիթ Բաբայեան:

«Լարուածութեան մեղմացում կը նկատուի: Իրավիճակը ընդհանուր առմամբ կայուն է: Լարուածութեան մեղմացումը կը նկատուի հիմնականին մէջ այդ խախտումներու  քանակը վերլուծելով: Եթէ ըսենք, մինչեւ  Սոչիի հանդիպումը  օրական միջինը եղած է 400 խախտում, ներկայ  դրութեամբ` մօտաւորապէս 30-40: Աւելի քան տասը անգամ նուազած է», նշեց Բաբայեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ կը մտածեն, կը խօսին մարդիկ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, ղարաբաղցի պաշտօնատարը  ըսաւ. «Պարզ է, որ առանց ամուր թիկունքի կարելի չէ պահել նաեւ սահմանը, եւ այն, որ սահմանը պահուած է, որ բանակը բաւական վճռական դերակատարութիւն ունեցած է, ասիկա նաեւ արդիւնք է ամուր թիկունքի: Իսկ հասարակութեան մէջ հայրենասիրական  պոռթկում տեղի ունեցած է: Իսկապէս, բազմաթիւ  երիտասարդներ, նոյնիսկ վեթերաններ առանց թելադրութեան, կամաւոր եկած են եւ ցանկութիւն յայտնած են մեկնելու սահման»:

«ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները  ե՞րբ կը սպասէք Ստեփանակերտի մէջ եւ հերթական հանդիպման ժամանակ ի՞նչ պիտի ըսէք իրենց»,  հարցումին Դաւիթ Բաբայեան պատասխանեց. «Կը սպասենք  զանոնք: Արդէն յայտարարած են, որ շրջան պիտի գան, տակաւին թուականները ճշդուելու հանգրուանին մէջ են: Անշուշտ, եթէ գան` այդ բոլորը պէտք է քննարկուին, որովհետեւ նման խախտումներ, որովհետեւ նման ապակայունացում չէ եղած  1994 թուականի զինադադարի հաստատումէն  ետք»:

«Իմ խոր համոզումովս, այս վերջին զարգացումները ցոյց տուած  են  կարեւոր ուղղութիւն մը, որուն մասին շատ խօսած  ենք, բայց որ կարծես թէ մղուած է երկրորդական մակարդակ: Հարցը այն է, որ առանց Ազրպէյճանի մէջ ժողովրդավարութեան ամրապնդման անկարելի կ՛ըլլայ դրական որոշ զարգացում  ակնկալել ղարաբաղեան-ազրպէյճանական տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ», շեշտեց ղարաբաղցի պաշտօնատարը:

 

Share this Article
CATEGORIES