Չիչեք Կը Քննադատէ Մինսքի Խմբակը

0814_Ciciek«Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Ճեմիլ Չիչեք բուռն կերպով քննադատած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը` ղարաբաղեան տագնապը լուծել չկարենալուն համար:

Ան Անգարայի մէկ հիւանդանոցին մէջ բուժուող ազրպէյճանցի զինուորներու այցելութեան ընթացքին շեշտած է, որ «ազրպէյճանական հողամասեր երկու տասնամեակներէ ի վեր Հայաստանի բռնագրաւման տակ են, եւ աւելի քան մէկ միլիոն ազրպէյճանցիներ տեղահանուած են ու դժուար պայմաններու մէջ կ՛ապրին»` աւելցնելով, որ աշխարհը ասկէ տեղեակ չէ, սակայն «անոնք, որոնք տեղեակ են, եւս մեծ բան չեն ըներ»:

«Դժբախտաբար, աշխարհը հետաքրքրութիւն չէ ցուցաբերած, հակառակ քսան տարիէ ի վեր ընթացող անկարգութեանց», ըսած է ան` աւելցնելով. «Հիմնուած էր Մինսքի խմբակ անունով խմբակ մը: Անիկա տարին մէկ անգամ կը հաւաքուի, այդ ալ այնքան ժամանակով, որքան ձիու մը համար բաւարար է իր պոչը շարժելու: Անոնք միայն կը խօսին եւ մինչեւ հիմա ոչինչ կատարած են»:

Share this Article
CATEGORIES