Եզիտիները Բողոքի Ցոյց Կատարեցին Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութեան Շէնքին Առջեւ
Հայաստանի մէջ բնակող եզիտիները երէկ բողոքի ցոյց մը կատարեցին Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան շէնքին առջեւ:
Շարժումին մասնակիցները պահանջեցին, որ Հայաստան ՄԱԿ-ի եւ այլ միջազգային կառոյցներու մէջ արծարծէ Իրաքի հիւսիսային շրջանին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները, որոնք ըստ ցուցարարներուն եզիտիներու ցեղասպանութիւն են:
Կառավարութեան շէնքին առջեւ հաւաքուած ցուցարարները կը պահանջէին հանդիպում վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի հետ, սակայն Աբրահամեան չտեսակցեցաւ անոնց հետ:
Կառավարութեան շէնքէն եզիտիները ուղղուեցան դէպի Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի դեսպանատուներ, քանի մը վայրկեան փակեցին Հանրապետութեան հրապարակէն դէպի Տիգրան Մեծ փողոց տանող ճամբուն երթեւեկելի մասը, սակայն ոստիկանութեան միջամտութենէն ետք ճամբան բացուեցաւ:
Ապա ցուցարարները վերադարձան կառավարութեան շէնքին մօտ:

