Գիտութիւն Եւ Մարդ. Արդեօք Օր Մը Պիտի Կարենա՞նք Մեր Հակակշիռին Տակ Պահել Օդերեւոյթը

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

985rainԴԱՐԵՐ ՇԱՐՈՒՆԱԿ ՓՈՐՁԱԾ ԵՆՔ ԱՆՁՐԵՒ ՏԵՂԱՑՆԵԼ: ԱՅԺՄ ԳԻՏՆԱԿԱՆՆԵՐ ԿԸ ՓՈՐՁԵՆ ԿԱՅԾԱԿՆԵՐԸ ՍԱՆՁԵԼ ԼԷՅԶԸՐ ՃԱՌԱԳԱՅԹՈՎ ԵՒ ՄՐՐԻԿՆԵՐԸ` ՔԱՐԻՒՂԻ ՀՈՍՔՈՎ: ԱՐԴԵՕՔ ԿԱՐԵԼԻ՞ Է ՄԵՐ ՔՄԱՀԱՃՈՅՔԻՆ ԵՆԹԱՐԿԵԼ ՕԴԵՐԵՒՈՅԹԸ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԱՄՊԵՐ «ՑԱՆԵԼՈՒ» ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ԵՒ Ի ՅԱՅՏ ԿԸ ԲԵՐԷ ՕԴԵՐԵՒՈՅԹԻ ՀԵՏ «ԽԱՂԱԼՈՒ» ՍՈՒՂ ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏ ՄԸ:

Պէյճինկի մէջ 2 հազար թմբկահարներով, 15 հազար կատարողներով եւ անսպառ հրավառութեամբ Ողիմպիական խաղերու բացման հանդիսութիւնը շլացնող տեսարան մըն էր 2008-ին: Սակայն նաեւ ընդհանուր չորութիւն մը կը տիրէր քաղաքին մէջ: Իրադարձութենէն առաջ, որ տեղի ունեցած էր անձրեւոտ եղանակին, Չինաստանի իշխանութիւնները 1100 հրթիռներ արձակած էին դէպի երկինք` անձրեւ տեղացնելու համար այլ վայրերու մէջ, որպէսզի անոնք չհասնէին երկրին մայրաքաղաքը:

Բացման հանդիսութեան գիշերը 100 մմ անձրեւ տեղաց մօտակայ Պաոտինկ քաղաքին մէջ, սակայն, ոչ մէկ կաթիլ ինկաւ Պէյճինկի վրայ: Այս իրողութիւնը կ՛ապացուցէ, թէ կարելի է յաջող կերպով մեր հակակշիռին տակ պահել օդերեւոյթը, ինչպէս պիտի մտածէին շատեր: Սակայն արդեօք ճի՞շդ է ասիկա:

Բնութիւնը այս ձեւով հակակշիռի տակ պահելը նորութիւն չէ: Շուրջ 70 տարի անցած է այն օրէն, երբ ամերիկացի գիտնականներ առաջին անգամ ըլլալով առաջարկած էին ամպերուն մէջ որոշ նիւթեր ցանել` անձրեւ տեղացնելու համար: Քալիֆորնիոյ նահանգը արդէն 50 տարիէ ի վեր կը գործածէ այս միջոցը: Շուրջ մէկ տարիէ ի վեր հետաքրքրութիւնը շատ աւելի սրած է` Քալիֆորնիոյ տարածքին տիրող երաշտին պատճառով:

Չինաստանի իշխանութիւննները 2008-ին 1100 հրթիռներ արձակել տուած էին դէպի երկինք` անձրեւները հեռացնելու համար Պէյճինկէն, ուր տեղի պիտի ունենային Ողիմպիական խաղերը:

Չինաստանի իշխանութիւննները 2008-ին 1100 հրթիռներ արձակել տուած էին դէպի երկինք` անձրեւները հեռացնելու համար Պէյճինկէն, ուր տեղի պիտի ունենային Ողիմպիական խաղերը:

Ամպեր ցանելու բազմաթիւ ձեւեր գոյութիւն ունին: Անոնք կախեալ են տիրող պայմաններէն: Օրինակ` դէպի ամպերը կ՛արձակուին արծաթի մանշիտի (սիլվըր այոտայտ) բիւրեղներ, որպէսզի անոնց շուրջ սկսին շոգի կապել ջուրի կաթիլները: Մինչ ջուրի յաւելեալ կաթիլներ կը սկսին կուտակուիլ եւ սառիլ, անոնք այնքան կը մեծնան, որ կը սկսին տեղալ: Արծաթի մանշիտը սովորաբար ամպերուն վրայ կը ցանուի օդանաւերէ, իսկ չինացիք զայն կ՛արձակեն թնդանօթներէ: Քալիֆորնիոյ մէջ այս գործողութիւնը տեղի կ՛ունենայ ձմրան, երբ ամպերուն ջերմաստիճանը տակաւին չէ սառած: Շատ մաքուր ջուրը կրնայ չսառիլ մինչեւ զերօ ջերմաստիճանէն վար պայմաններու մէջ, իսկ ամպերը կը պարունակեն «չափազանց պաղ» ջուրի կաթիլներ, որոնք այնքա՛ն թեթեւ են, որ չեն կրնար իյնալ իբրեւ անձրեւ կամ ձիւն:

Փոթորիկ «Կ՛եփի»

Ժընեւի համալսարանին մէջ գիտնական մը` Ճերոմ Գասպարեան 2010-ին յղացած է ամպերը «կանչելու» նոր ձեւ մը` օգտագործելով լէյզըր ճառագայթներ: Ան կ՛ըսէ, թէ գիտաշխատանոցներու մէջ ամբողջական հակակշիռի տակ կատարուած փորձերը ցոյց կու տան, թէ այս միջոցով կարելի է օդին մէջ պտտող հիւլէներէն ջոկել ելեկտրոնները եւ ստեղծել աշխուժ մասնիկներ, որոնք կրնան արտադրել յատուկ «սերմեր», որոնց շուրջ կրնան աճիլ անձրեւի կաթիլներ կամ սառոյց: Այսուհանդերձ, ոմանք սկեպտիկ մօտեցում կը ցուցաբերեն եւ կը վիճին, թէ ինչ որ կարելի է ապացուցել գիտաշխատանոցի մը մէջ, պայման չէ, որ նոյն արդիւնքը տայ օդերեւոյթի աննախատեսելի պայմաններու մէջ:

Նեւատայի Անապատի ուսումնասիրութեան հիմնարկի օդերեւոյթի բարեփոխութեան բաժնի պատասխանատու Ճեֆ Թիլիի համաձայն, հասկնալի է ամպերու մէջ մասնիկներ ցանելու գաղափարին նկատմամբ ստեղծուած սկեպտիկ կեցուածքը, որովհետեւ համեմատաբար քիչ դրամ կը յատկացուի այս մարզին մէջ կատարուող ուսումնասիրութիւններու, համոզելու համար, թէ անիկա իրապէ՛ս արդիւնաւէտ է: «Դրամ յատկացնող կողմերը արդէն համոզուած են, թէ այս միջոցը արդիւնաւէտ է, հետեւաբար կը նախընտրեն դրամ յատկացնել ուղղակի մասնիկներ ցանելու աշխատանքներու», կ՛ըսէ ան:

Այսօր նման գումարներ կը յատկացնեն անոնք, որոնք կը փափաքին ստեղծել ջուրի աղբիւրներ (թէեւ ամերիկեան բանակը  ամպերուն մէջ մասնիկներ ցանելու գաղափարին նկատմամբ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է Վիեթնամի պատերազմին ժամանակ, իբրեւ կռիւի մարտավարութիւն` երկարաձգելու համար անձրեւաբեր հովերու ամիսը): Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան շրջաններուն մէջ բազմաթիւ օդակայաններ կ՛օգտագործեն ամպերուն մէջ մասնիկներ ցանելու միջոցը` թանձր մշուշը ցրուելու համար, այլապէս անիկա պատճառ կը դառնայ թռիչքի ուշացումներու:

Լէյզըր ճառագայթով օդերեւոյթը փոխելու այլ միջոց մը կրնայ առիթ տալ, որ կատաղի որոտումներու եւ փոթորիկներու ժամանակ շարունակեն գործել օդակայանները: 2004-ին Գասպարեան իր պաշտօնակիցներուն հետ լէյզըր ճառագայթի զարկեր արձակած է դէպի որոտումներ պատրաստող ամպերը` կայծակները հակակշիռի տակ դուրս բերելու նպատակով:

Այս ճիգերը ձախող արդիւնք տուած էին, հաւանաբար որովհետեւ շատ աւելի հզօր լէյզըր ճառագայթներ պէտք էր գործածուէին` կայծակ յառաջացնելու համար, ինչպէս կը բացատրէ Գասպարեան: Այսուհանդերձ, ուսումնասիրողներու այլ խումբի մը կողմէ 2012-ին կատարուած նմանօրինակ փորձարկութիւն մը յաջող արդիւնք տուած էր գէթ գիտաշխատանոցին մէջ: Անոնք լէյզըր ճառագայթով շեղած էին արուեստական կայծակի մը ուղղութիւնը, որպէսզի անիկա իջնէր հակակշիռի տակ պահուած ուղղութեամբ:

Պտուտահողմերու Դէմ

Ինչ կը վերաբերի պտուտահողմերու վտանգը կանխարգիլելու, Ֆիլատելֆիոյ Թեմփըլ համալսարանէն Ռոնիա Թաօ վերջերս ամերիկացի բնագէտներու ընկերակցութեան համագումարին առիթով յայտարարած է, թէ հաւանաբար բարձր պատերը կրնան կանխարգիլել աղէտալի պտուտահողմերը:

Թաոյի համաձայն, Ամերիկայի կեդրոնական-արեւմտեան շրջաններուն մէջ պտուտահողմեր կը կազմուին հարաւէն փչող տաք օդին եւ հիւսիսէն փչող ցուրտ հովին ընդհարումին պատճառով: Վտանգը ամէնէն աւելի կը գերիշխէ տխրահռչակ «Պտուտահողմերու հովիտին» մէջ. ընդարձակ տափաստան մը, որ կը տարածուի հարաւի մէջ Թեքսասէն մինչեւ Նեպրասքա` հիւսիսի մէջ: Թաօ կը հաւատայ, թէ արեւելքէն արեւմուտք երկարող 300 մ բարձրութեամբ պարիսպներ, մէկը` Նորթ Տաքոթայի վրայով, միւսը` Քանսասի եւ Օքլահոմայի միջեւ, իսկ երրորդ մը` Թեքսասի եւ Լուիզիանայի միջեւ, կրնան տուեալ տարածքին մէջ ի սպառ դանդաղեցնել օդի հոսանքները եւ մեղմացնել պտուտահողմերու վտանգը:

Արդեօք բարձր պարիսպները կրնա՞ն կանխարգիլել պտուտահողմերու վտանգը:

Արդեօք բարձր պարիսպները կրնա՞ն կանխարգիլել պտուտահողմերու վտանգը:

Կարգ մը օդերեւութաբաններ կը փութան վիճելու, թէ պարիսպներ բարձրացնելը ի զուր է: Կատաղի պտուտահողմեր կրնան կազմուիլ հոն, ուր տաք եւ պաղ հովի նուազագոյն տարբերութեամբ ջերմաստիճաններ իրարու կը խառնուին, ինչպէս կ՛ըսեն ոմանք: Ասիկա կրնայ բացատրել, թէ ինչո՛ւ Չինաստանի մէջ պտուտահողմեր կը հարուածեն, հակառակ անոր որ երկիրը ունի արեւելքէն արեւմուտք երկարող բնական պարիսպներ, այսինքն` լեռնաշղթաներ: Թաօ կը վիճի, թէ 2013-ին միայն 3 պտուտահողմեր հարուածած են Չինաստանը, մինչդեռ 811 պտուտահողմեր հարուածած են Միացեալ Նահանգները:

Հովերուն Դէմ

Պտուտահողմերէն անդին կը կատարուին նաեւ մրրիկները հակակշիռի տակ պահելու փորձեր: 2000-ական տարիներու սկիզբը փորձարկութիւններ կը կատարուէին ջուր ներծծող հազարաւոր քիլոկրամ ծանրութեամբ փոլիմըր քիմիական նիւթը թափելով մրրիկներու մէջ` ջլատելու համար անոնց ուժը: Սակայն այս փորձերը ձախողած էին:

Այլ ուսումնասիրողներ առաջարկած են ոչ թունաւոր քարիւղ թափել` հանդարտեցնելու համար ովկիանոսներուն մակերեսի ջուրերը եւ կանխարգիլելու անոր մէջ պղպջակներու սրսկումը, որ ի վերջոյ եղափոխուելով կը վերածուի մրրիկի: Իսկ այս տարուան սկիզբը ուսումնասիրողներ յայտնեցին, թէ ծովեզերեայ շրջաններու մէջ հողմերով աշխատող ելեկտրակայաններ կրնան դանդաղեցնել մրրիկներուն արագութիւնը:

Թիլիի համաձայն, քարիւղ թափելու գաղափարը գէթ տրամաբանական է: «Այս գաղափարը յայտնուեցաւ նաեւ 2010-ին` Տիփուոթըր Հորայզընի քարիւղի հոսքին ժամանակ,- կ՛ըսէ ան:- Մարդիկ սկսան մտածել, թէ արդեօք քարիւղի հոսքը ի՞նչ անդրադարձ պիտի ունենար արեւադարձային պտուտահողմերու վրայ: Սակայն, քարիւղի հոսքը նախատեսուած ժամանակէն աւելի արագ փարատեցաւ, հետեւաբար կարելի չեղաւ ուսումնասիրել զայն»:

Ֆլորիտայի Միջազգային համալսարանէն գիտնական Հիւկ Ուիլըպիի համաձայն, մրրիկները հակակշիռի տակ պահելու ծրագիրները երեւակայութիւն են: «Գրեթէ բոլոր ճիգերը անիմաստ են», կ՛ըսէ ան: Դիւրին չէ մրրիկի մը ուժը կասեցնելը, որովհետեւ փոթորիկներու համակարգերը շատ աւելի հզօր են, քան ինչ որ կը կարծենք: «Անոնց արձակած ջերմութիւնը համազօր է 10 մեկաթոն հիւլէական ռումբերու, որոնք կը պայթին 20 վայրկեանը անգամ մը», կ՛ըսէ ան: Մրրիկները կանխարգիլելու համար քարիւղ գործածելը եւս անիմաստ է, կ՛ըսէ ան, որովհետեւ անկարելի է նախատեսել, թէ ովկիանոսին մէջ կազմաւորուող բազմաթիւ փոթորիկներէն ո՛ր մէկը իրապէս պիտի վերածուի մրրիկի:

Հետեւաբար, օր մը արդեօք պիտի կարենա՞նք մեր հակակշիռին տակ պահել օդերեւոյթը: Ոմանք կ՛ըսեն, թէ տարիներէ ի վեր արդէն յաջողած ենք, ուրիշներու համաձայն, պէտք է տասնամեակներ շարունակ պայքարինք: Վէճը կը շարունակուի: Միայն կրնանք հաստատ ըսել, որ երբ վիճարկող կողմերը օր մը իրարու հանդիպին շատ հաւանական է, որ անոնց միջեւ փոթորիկ պիտի ստեղծուի:

Share this Article
CATEGORIES