Գիտութիւն Եւ Մարդ. Ինչպէ՞ս Կարելի Է Դիմանալ Ժամանակի Տարբեր Գօտիներու Միջեւ Ճամբորդութեան
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ՀԱՄԱԿԱՐԳՉԱՅԻՆ ՆՈՐ ԾՐԱԳԻՐ ՄԸ ԱՐԵՒՈՒ ԼՈՅՍԻՆ ՊԱՐԲԵՐԱՇՐՋԱՆՆԵՐԸ Կ՛ՕԳՏԱԳՈՐԾԷ` ԿԱՆՈՆԱՒՈՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՄԵՐ ՄԱՐՄՆԻՆ ԽԱՆԳԱՐՈՒԱԾ ԺԱՄԱՑՈՅՑԸ, ԵՐԲ ԿԸ ՃԱՄԲՈՐԴԵՆՔ ԺԱՄԱՆԱԿԻ ՄԷԿ ԳՕՏԻԷՆ ՄԻՒՍԸ: ՍԱԿԱՅՆ ՀԱՒԱՆԱԲԱՐ ԶԱՅՆ ԿՐՆԱՆ ԳՈՐԾԱԾԵԼ ՆԱԵՒ ԱՆՈՆՔ, ՈՐՈՆՑ ՄԱՐՄՆԻՆ ԺԱՄԱՑՈՅՑԸ ԿԸ ԽԱՆԳԱՐՈՒԻ ԱՄԷՆ ԳԻՇԵՐ: «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԿԸ ՅԱՆՁՆԱՐԱՐԷ ՊԱՐԶ ԼՈՒԾՈՒՄԸ:

Երկար ճամբորդութիւնները կը խանգարեն մեր մարմնին ժամացոյցը, որովհետեւ մեր մարմինը կ՛ենթարկեն արեւու անսպասելի լոյսին: Համակարգչային նոր ծրագիր մը կրնայ որոշել, թէ որքա՛ն լոյսի պէտք ունինք:
Ներկայիս առնուազն 13 օր պէտք է անցնի, որպէսզի ժամանակի տարբեր գօտիներու միջեւ ճամբորդելէ ետք մեր մարմինը ներդաշնակուի ժամանակի նոր գօտիի մը: Սակայն Միշիկընի համալսարանէն ուսողագէտներ ստեղծած են հանրահաշիւի (ալկորիտըմ) ձեւ մը, որ կը հաշուէ քունի ժամերը եւ ցերեկուան լոյսի այն քանակը, որ անհրաժեշտ է` 48 ժամուան մէջ կանոնաւորելու համար ճամբորդի մը մարմնին ժամացոյցը:
Մարմինը ունի իր բնական ժամացոյցը, որ մեզի կ՛ըսէ, թէ ե՛րբ պէտք է քնանանք եւ ե՛րբ` արթննանք: Երբ հազարաւոր մղոններ կը ճամբորդենք, մեր մարմնին ժամացոյցը կը կրէ ահաւոր խանգարումներ, որոնց նմանը եղափոխութեան ընթացքին երբեք չէ պատահած:
Գիտնականներ արդէն փաստած են, որ տեւաբար լոյսի մէջ մնալը մարմինը կը զրկէ ժամանակի զգացողութենէն եւ կը խանգարէ անոր բնական ժամացոյցը: Ժամանակի տարբեր գօտիներու միջեւ ճամբորդելու պատճառած խանգարումը սրբագրելը կ՛ենթադրէ վերականգնել մարմնին ծանօթ բնական կշռոյթը եւ կանխարգիլել անոր վատթարացումը:
Միշիկընի համալսարանի ուսողագէտները ստեղծած են համակարգչային ծրագիր մը, որ կը քննէ տարբեր վիճակներ` որոշելու համար, թէ մեր մարմինը ինչպէ՛ս պիտի հակազդէ, երբ իր բնական ժամացոյցը խանգարուի եւ ինչպէ՛ս պիտի կանոնաւորէ զայն:
Անոնց ուսումնասիրութեան արդիւնքը լոյս տեսած է «ՓԼՈՍ Քոմփիւթէյշընըլ Պայոլոճի» թերթին մէջ: Ուսումնասիրութեան համաձայն, մարմնին ժամացոյցը կանոնաւորելու համար հարկ է խթանել լոյսի եւ մութի ժամանակամիջոցները, որպէսզի մարմնին ժամացոյցը խաբուի:
«Լուծումը աւելի պարզ էր, քան ինչ որ կ՛ակնկալէինք: Պարզապէս այժմ գիտենք, թէ առաւօտեան ժամը 3:40-ին որքա՛ն լոյսի պէտք ունինք», կ՛ըսէ ուսողագէտ-կենսաբան Տանիըլ Ֆորճըր:
Համալսարանին աշակերտներէն Օլիվիա Ուոլչ օգտագործած է ուսումնասիրութեան արդիւնքները եւ պատրաստած է անոնց վրայ հիմնուած համակարգչային ծրագիր մը, որ կը կոչուի «Էնթրըն». անոր մէջ կարմրած աչքերով ճամբորդներ երկու օրուան մէջ արդէն կը վերագտնեն քնանալու բնականոն ընթացքը եւ ճամբորդութենէն 4 օր ետք կը վերադառնան բնականոն կեանքի:
Այս ծրագիրը գործածելու համար պէտք է մեր քնանալու բնական ժամերը արձանագրենք անոր մէջ, ինչպէս նաեւ` մեր ուղղուած վայրին անունը: Ապա ծրագիրը կը պատրաստէ մեզի յատուկ ժամանակացոյց մը, որուն պէտք է հետեւինք` կանոնաւորելու համար մեր կենսաբանական ժամացոյցը:

