ՍԻՍԷ ՄԻԱՑԱՒ ԼԱՑԻՕ ՌՈՄԱՅԻ
Ֆրանսացի յառաջապահ Ժիպրիլ Սիսէ իր ակումբը` Փանաթինայքոսը լքելով միացաւ Լացիօ Ռոմայի, յայտնեցին իտալական ակումբին պատասխանատուները:
29 տարեկան Սիսէ, որ նախապէս մաս կազմած է Օքսեռի, Լիվըրփուլի, Մարսէյի եւ Սանտըրլենտի, վերջին երկու տարեշրջաններուն 50 կոլ նշանակեց Յունաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն:
Անոր փոխանցման գումարին մասին թէեւ ոչինչ յայտարարուեցաւ, սակայն ան ցարդ երկու տարուան պայմանագրութիւն մը ունէր ստորագրուած յունական ակումբին հետ:
Նշենք, որ ան ֆութպոլի ազգային խումբին հետ 40 միջազգային մրցումի ընթացքին նշանակած է 9 կոլ:
CATEGORIES Մարզական