Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն . Երբ Մայրս Կորսնցուցի

Երեքշաբթի, 12 փետրուարի առաւօտեան ժամը 1:30-ն էր, երբ հեռաձայնը հնչեց. հիւանդանոցէն էր, մայրս, որ շաբաթէ մը ի վեր կը գտնուէր ապաքինման սենեակը, արդէն մահացած էր:

Այո, ճիշդ է, որ ան անհանգիստ էր եւ կը տառապէր, տարիներ շարունակ տառապեցաւ, այն ցաւը, որ կը չարչրկէր իր հոգեկանն ու ֆիզիքականը տասնեակ տարիներ  տեւեց եւ սպառեց զինք:

Բայց … Շատ աղօթած էի իր ապաքինման համար, աղաչած էի, որ մայրս վերագտնէր իր ուժը, կորովը, կենդանութիւնը: Ան, որ միշտ ուրախութիւն կը սփռէր, սէր, գուրգուրանք, խանդաղատանք եւ ամբողջ ընտանեկան պարագաներն ու դժուարութիւն կ’ընկալէր քաջութեամբ ու համբերութեամբ: Պատերազմի ընթացքին անտուն ու թափառական վիճակի մէջ իսկ կրցած էր տոկալ, ցաւի եւ վիշտի, ինչպէս նաեւ ուրախութեան մէջ նոյն կինն էր` բարեհամբոյր ու խիզախ:

Հարցումները կը խճողէին միտքս:

Ի՞նչ պիտի ընէի առանց իրեն, ինչպէ՞ս յարատեւէի: Խնդրած էի, աղերսած, որ Աստուած բուժէր զինք, վստահ էի եւ գիտէի, որ ամէն բան լաւ պիտի ըլլար: Մէկ խօսքով, պարզապէս պէտք ունէի եւ զայն գտայ շնորհքի մը նման:

Իւրաքանչիւր կիրակի նոր պատուելին կ՛աղօթէր` ըսելով. «Ո՜վ Տէր, դուն գիտես մեր կարիքները, դուն կը պատասխանես մեր աղօթքներուն երբեմն` այո, երբեմն` ոչ, եւ երբեմն կը խրատես, որ սպասենք եւ ահա խաղաղութիւնը պիտի գտնենք ինչ ալ ըլլար արդիւնքը»:

Մօրս մահէն ետք, երբ ընտանեկան պարագաներ, սիրելիներ հաւաքուած էին մխիթարելու եւ անոնք կը կրկնէին, թէ պէտք է ուրախ զգայի որովհետեւ մայրս փոքր տարիքիս չկորսնցուցի, բախտաւոր էի, որ ան աւելի չչարչարուեցաւ, ես պարզապէս ցաւ կը զգայի, վիշտ, լքուածութիւն, մինակութիւն եւ անբացատրելի կորուստ:  Բայց օրերը ցոյց կու տային, թէ մայր մը երբեք չես կորսնցներ, մահն իսկ չի կրնար խլել զինք, որովհետեւ անոր ցանած սերմերը տարիներու ընթացքին մեծցած ու աճած են քու նկարագիրիդ մէջ, երեւան կու գան եւ իրենք զիրենք կը բացայայտեն յաճախ քու սովորութիւններուդ մէջ, զգացումներուդ, կարծիքներուդ, մտածելակերպիդ, բառամթերքիդ, խօսակցութեան ոճիդ: Անոր դրոշմը ամուր հիւսուած է կ՛ըլլայ քու ամբողջ նկարագիրիդ հետ: Մօրս քաղցրութիւնը, ազնուութիւնը, հուսամի անուշ բուրմունքը, զոր շատ կը սիրէր, պարզապէս կը պարուրէին էութիւնս:

Երբ այս աշխարհի մէջ մեր պատմութիւնները կիսատ կը մնան, ուրիշ յաւելուած հատորներ պիտի շարունակուին գրուիլ յաւիտենականութեան մէջ, եւ երբ անոնք ամբողջանան հոն անարդարութիւն պիտի չըլլայ, ոչ ալ հիւանդութիւն, ամէն բարի արարք պիտի պարգեւատրուի եւ ամէն մեղք դատապարտուի:

Այսօր վստահ եմ, որ Աստուած պատասխանեց աղօթքներուս: Ան գիտէ, թէ ի՛նչ է լաւագոյնը մեզի համար: Դիւրին բան չէ հաւատքը, բայց գիտեմ, որ ճշմարիտ է, գիտեմ, որ իմ Աստուածս իրական է եւ բնաւ պիտի չցաւցնէ զիս առանց դարմանումը տալու:

Այն խաղաղութիւնը, զոր կը զգամ մօրս  կորուստէն ետք շատ տարօրինակ էր, յոգնած եւ սգաւոր հոգիէս բխած բան մըն էր, շատ խորունկ:

Խաղաղութիւն մըն էր, որ կը տիրէր ամբողջ էութեանս մէջ: Մօրս յիշատակը դառն կսկիծ չէր միայն, այլ նաեւ յիշատակի եւ յոյսի բանալին էր:

Գիտէի, որ Աստուած ճամբան պիտի հարթէր առանց մայրիկիս: Ան պիտի հոգար զիս, ինչպէս որ հոգացած էր տարիներ առաջ մօրս, երբ ան իր կարգին կորսնցուցած էր իր մայրը: Ան այն Աստուածն է, որ կ՛առնէ ցաւը եւ վիշտը եւ զանոնք կը վերածէ ուրախութեան, ցնծութեան եւ յոյսի:

Աստուածածնայ վերափոխման այն տօնին աւելի քան երբեք կը զգամ Աստուածամօր անունը կրող մօրս բացակայութիւնը, նաեւ` Աստուծոյ կողմէ իրմով ինծի հասած խաղաղութիւնն ու յոյսը:

Անոյշ մայրիկիս յիշատակով`

ՆԱԹԱԼԻ ՔԷՆՏԻՐՃԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )