Նամականի

Քաջալերելով մեր հաւատարիմ ընթերցող եւ լեզուաբան տոքթ. Արմենակ Եղիայեանի արեւմտահայերէնի նկատմամբ ցուցաբերած խիստ նախանձախնդրութիւնը, կը հրատարակենք իր ստորագրած «Նամականի»-ն` առանց որեւէ յապաւումի:

Չենք ժխտեր, որ հայաստանեան լրագրական ըսելաձեւերը, մանաւանդ` մասնագիտական բառապաշարը (այս պարագային` զինուորական գործողութիւններու վերաբերեալ) որդեգրուած են մեր կողմէ երբեմն մեքենաբար, գիշերային աշխատանքային հեւքի ընթացքին: Ուրեմն աւելի ճիշդ պիտի ըլլար, որ քննադատութիւն ուղղուէր նաեւ սկզբնաղբիւրին` հայրենի համապատասխան հաստատութիւններու պաշտօնական լրատուութեան խմբագիրներուն:

Կը խորհինք սակայն, որ թէ՛ հայաստանեան մամուլը եւ թէ՛ «Ազդակ»-ը, այս պարագային, զոհ բառը չեն օգտագործած այն իմաստով, որ յօդուածագիրը ընկալած է:

Ափրիկէի զուլուներու լեզուն իր բոլոր երանգներով պէտք է ուսումնասիրել եւ յետոյ գնահատական տալ, թէ որքա՛ն նախանձախնդիր են անոնք իրենց լեզուի անաղարտ օգտագործման ուղղութեամբ: Անկէ ետք միայն այդ նախանձախնդրութիւնը համեմատել «Ազդակ»-ի խմբագիրներուն ցուցաբերած նախանձախնդրութեան հետ: Այդ աշխատանքը կատարելէ ետք է միայն, որ «Ազդակ» կրնայ պատասխանել «Նամականի»-ի մէջ տեղ գտած այդ քննադատութեան:

«ԱԶԴԱԿ»

Յարգելի՛ խմբագրութիւն «Ազդակ»-ի,

Թերթիդ քաղաքական էջերու (1, 2, 10) շարադրանքը կը կարօտի աւելի աչալուրջ եւ ձեռնհաս վերաբերումի:

– Էջ 1, աջ սիւնակ.

«Ազրպէյճան տուած է զոհ մը…»: Աւելի անդին` «տալով զոհ մը…»:

Երբէ՞ն ի վեր  զոհ  կը կոչուին անոնք, որոնք մեր հայրենի հողերը խուժելու, հայ կին ու աղջիկ բռնաբարելու, հայ սահմանապահներ առեւանգելու կամ  սպաննելու, ի պահանջել հարկին` նաեւ կացինահարելու իրենց փորձին մէջ շանսատակ կ’ըլլան մեր բանակայիններուն կողմէ` երբեմն ի գին այս վերջիններու մատաղ կեանքին: Այս «տրամաբանութեամբ», արդեօք չէի՞ք մտածեր նաեւ խաչով ու աւետարանով հոգեհանգիստ մը ընել, պատշաճ դամբանական մը արտասանել եւ այդ «զոհ»-երը  պանթէոնի մէջ ամփոփելու հոգածութիւնը յանձն առնել:

– Նոյն տեղը. «Ազրպէյճանի ջոկատայինները ձեռնարկած են  թափանցման փորձ մը»:

Արեւելահայերէնը կ’ըսէ փորձ մը, արեւմտահայերէնը կ’ըսէ` փորձի մը:

– Նոյն տեղը.

«Կազմակերպուած գործողութիւններուն  իբրեւ արդիւնք…»: «Ձեռնարկուած քայլերուն իբրեւ արդիւնք…»:

Այս իբրեւ արդիւնք կապակցութիւնը, որուն ամէնօրեայ հետեւողականութեամբ կառչած է ձեր քաղաքական յօդուածագիրը, տափակ ռուսաբանութիւն է, որ աւեր կը գործէ արեւելահայերէնի մէջ, եւ հիմա ասպէս հանգիստ ու հեզասահ կը թափանցէ արեւմտահայերէն: Ասոր մասին կը մէջբերեմ հայրենի փայլուն ու սրտցաւ լրագրողուհիի մը` Հրաչուհի Փալանդուզեանի վկայութիւնը.

«Ժամանակակից հարեննԱՊԱԿԱՆՈՂ բառերից մէկը «արդիւնքում»-ն է, որը ռուսերէնի    մեքենայական  կապկում է եւ ոչ մի առնչութիւն չունի մեր լեզուամտածողութեան հետ: Այդ բառի փոխարէն պէտք է գրել` «հետեւանքով», «շնորհիւ», «պատճառով», «բերումով» եւ այլն: Ըստ որում, եթէ ռուսերէնում որակական տարբերութիւն չի դրւում, այդ արդիւնքը դրակա՞ն է, թէ՞ բացասական, հայերէնում շատ որոշակի անջրպետ կայ. արդիւնքն արգասիքն է, դրական իմաստ ունի, իսկ հետեւանքը` բացասական: «Արդիւնքում»-ից պարզապէս պէտք է հրաժարուել, դա հայերէն չէ»:

– Էջ  10, աջ սիւնակ, նոյնին շարունակութիւնը:

«Մենք տեղեկացուցինք հասարակութիւնը հակառակորդի այդ ոտնձգութիւններուն մասին»:

Աստուա՛ծ իմ, ինչպէ՞ս կարելի է  «տեղեկացնել հասարակութիւնը». սա հայերէն չէ, լեզու չէ՛. բառային եւ իմացական լղրճուկ է: Հայեցի մտածողութիւնը կ’ըսէ. «Մենք հասարակութեան տեղեկացուցինք հակառակորդին ոտնձգութիւնները»:

– Նոյն տեղը:

«(Հայկական) բանակի ստորաբաժանումները պարտադրեցին հակառակորդին հետ  վերադառնալ սկզբնական դիրքերը»:

Ի՜նչ աղուոր, մեր ստորաբաժանումները հակառակորդին հետ հաշտ ու համերաշխ կը վերադառնան սկզբնական դիրքերը: Կարծես պատերազմը վերջացաւ ու սկսաւ իրարու հետ սիրաբանութիւնը դիրքերու մէջ:

Արեւելահայերէն բնագրի այս հետ բառը պէտք էր հասկնալ յետ, որ կը նշանակէ ետ:

– Էջ 2, ձախէն առաջին սիւնակ:

«Զօր. Աուն եւ Ժոմպլաթ ընդգծեցին առանց նախապայմաններու… զօրակցութիւն ցուցաբերելու կարեւորութիւնը…»:

Հայերէնի մէջ առանց-ին քով բնաւ, բնաւ, բնաւ յոգնակի բառ չի դրուիր, այլ միշտ ու միայն  եզակի` առանց նախապայմանի:

– Նոյն տեղը, երկու տող վարը.

«Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ Լիբանանի դէմ սպառնացող  մարտահրաւէրներուն դէմ պայքարելու… անհրաժեշտութիւնը…»:

Առաջին դէմ-ը աւելորդ է, նաեւ` սխալ. հայերէնը կը սպառնայ բանի մը, ոչ` բանի մը դէմ:

– Առաջին էջ, առաջին սիւնակ, առաջին տող:

«Անցեալ շաբաթ օրուընէ ի վեր…»:

Օրուընէ, բայց նաեւ` մահուընէ, ատենուընէ, ժամանակուընէ, ամսուընէ… այս հոլովաձեւերը, որոնց այնքան ջերմեռանդութեամբ կառչած է ձեր քաղաքական յօդուածագիրը մասնաւորաբար, եւ «Ազդակ»-ը ընդհանրապէս,  Աբիսողոմ աղա եւ Պաղտասար աղբար կը հոտին եւ այլեւս ընդունելի չեն արդի` 21-րդ դարու հայերէնի մէջ, որ կ’ըսէ` օրէն, մահէն, ատենէն, ժամանակէն, ամիսէն եւ այլն:

Այս եւ նմանները ամէն օր «ըմբոշխնելէ»… ա՛լ ձանձրացած ենք:

Ափրիկէի զուլուները աւելի բծախնդիր կը գործածեն իրենց լեզուն, քան` ձեր քաղաքական յօդուածագիրը: Մտածա՞ծ էք երբեւիցէ այս հիւանդագին իրողութեան մասին, թէ՞ լեզուի գրաւը ընդմիշտ կորսնցուցած կը համարէք, եւ կարեւոր չէ այլեւս անոր որակին մասին մտածել:

Շնորհակալութիւն` ձեր խոր ուշադրութեան ու սրտցաւութեան համար:

Ձեր խոնարհ ծառան եւ հէգ ընթերցողը`

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

 

 

Share this Article
CATEGORIES