Կիրակնօրեայ Խօսքը. Վճիտ Սէրը Սեղանակիցն Է Մեղաւորներուն…

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ

Սիրելի՛ ընթերցող, երկրորդ աւետարանիչէն` Ս. Մարկոսէն կ՛առնեմ «Յիսուս` սեղանակիցը մեղաւորներուն» խորագրուած պատահարը, զոր կը բաժնեմ երեք մասի (Մրկ. 2,13-17):

Առաջինին վերտառութիւնն է. «Յիսուսի կոչը մարդուն», որ հրաւիրուած է անմիջապէս հետեւելու Տիրոջ` անոր նուիրումին, ծառայութեան եւ առաքելութեան մէջ:

Ուշադրութի՛ւն: Տէրը երբ քեզ կանչէ, կը նշանակէ, որ կը սիրէ քեզ ու հետաքրքրուած է քեզմով: Տիրոջ ա՛յս սէրէն աւելի մեծ սէր չկայ քեզի համար: Փորձէ՛ ու կը համտեսես զայն: Անով կը հարստանաս: Անոր մէջ կ՛երջանկանաս:

Նոյնպէս, Տիրոջ ա՛յս հետաքրքրութենէն աւելի օգտակար շահագրգռութիւն չկայ քեզի համար: Փորձէ՛ ու կ՛ախորժիս անկէ: Անով կ՛աճիս: Անոր մէջ կը կատարելագործուիս:

Քրիստոս` ամէնուրեք շրջագայած Քարոզիչը, Կափառնաում քաղաքին մօտ, ծովեզերեայ մաքսատան առջեւէն անցած ատեն տեսաւ անոր պաշտօնեան` Ղեւին, որուն հրամայեց. «Հետեւէ՛ Ինծի»: Տիրոջ հրամանը թոյլատու չէ ո՛չ հարցադրումի եւ ո՛չ վիճաբանութեան:

Ինչպիսի՜ ինքնագիտակցութեամբ օժտուած է Տէրը, որ ապահով է եւ կ՛ապահովցնէ, որ ինքնավստահ է ու կը ջամբէ առողջ ինքնավստահութիւնը…

Սրտերուն եւ մտքերուն վրայ ի՜նչ իշխանութիւն ունի Տէրը, որուն խօսքը անյետսկոչելի է, անանցանելի է, բայց նաեւ սիրազեղ ու բարենպաստ է մարդերուն…

Կոչուածը` «Ղեւի ոտքի ելաւ եւ հետեւեցաւ Անոր», որուն տեսքէն ու ձայնէն հմայուած` րոպէին իսկ լքեց իր ապահով դիրքը եւ դրամով լեցուն պաշտօնը:

Այսօր ալ Յիսուս ունի նոյն հեղինակութիւնը, որով իր հետեւորդութեան կը կանչէ միշտ, նոյնիսկ` ամէնէն անարժանն ու մեղաւորը, ինչպէս սիւնակագիրս կոչեց օր մը:

Ուշադրութի՛ւն: Տիրոջ կոչին հետեւիլ ուզողը պէտք է ունենայ մաքսապետին վճռակամութիւնը, որ ըլլայ Յիսուսի աշակերտը, ինչպէս Ղեւի դարձաւ Ս. Մատթէոս:

Երկրորդ մասին խորագիրն է. «Խտրութիւնը բացարձակապէս մերժողը»: Անտարակոյս, Տէրն է, Միակը ժամանակին ու պատմութեան մէջ:

Մարդամօտ հոգեսէրն է, որ անխտիր բոլոր մարդերուն հետ կը յարաբերի` զանոնք հրաւիրելով իր արքայութեան, քանի իր կեանքը զոհեց բոլոր հոգիներուն համար:

«Բազմաթիւ մաքսաւորներ»-ու եւ «մեղաւորներ-ու հետ Յիսուսի սեղանակցութիւնը խորհրդանիշն էր «Տիրոջ սեղան»-ին, որուն շուրջ Քրիստոսի հարազատները պիտի հաւաքուէին եւ այսօր ալ պիտի մէկտեղուին «Հացը բեկանելու», այսինքն` Ս. պատարագը մատուցելու, Յիսուսի մարմինով յագենալու եւ անմահանալու համար:

Երրորդ մասին վերնագիրն է. «Բարեկամը մեղաւորներուն»: Անկասկած, Յիսուս Քրիստոս է, որ, սակայն, Ղեւիի տան մէջ իր սեղանակցութեամբ գայթակղեցուց «դպիրներն ու փարիսեցիները»:

Առաջինները «ամենագէտ» եւ երկրորդները «արդար» իրենք զիրենք հռչակողներն էին, որոնց յաջորդներն ու նմանները այսօր ալ կը վխտան մեր շրջապատին մէջ..

Մարդեր, այո՛, կնունքով` քրիստոնեաներ, բայց կեանքով` ո՛չ յիսուսականներ, որոնք այնքան համոզուած են իրենց «ամենագէտ»-ութեամբ եւ «արդար»-ութեամբ, որ այլեւս չեն խպնիր եւ չեն ամչնար իրենց անձերը, խօսքերն ու գործերը դասելէն բոլորէն վեր եւ առաջ…

Այս անձերը «երեւակայեալ առողջներ» անուանուած են աստուածաշնչագէտէ մը, «եսահաւա՛ն ամենագէտներ» եւ «ինքնակո՛չ արդարներ», որոնք շատ աւելի անբուժելի են, քան` երեւակայեալ հիւանդները…

Այս անձերը մոռցած են, թէ ամէնօրեայ ու կիրակնօրեայ Ս. պատարագի սկզբնաւորութեան` «Խոստովանիմ առաջի Աստուծոյ եւ սրբուհւոյ Աստուածածնին … զամենայն մեղս, զորս գործեալ եմ» զղջալից արտայայտումը կը յիշեցնէ, որ Յիսուս նաեւ իրե՛նց համար Փրկիչն է մեղաւորներուն:

Հետեւաբար այս մարդերը, ինչպէս ալ ես, դուն, ան` անոնք ու մենք երբեք մոռնալու չեն եւ չենք, թէ մեղաւոր ու մեղանչական են և ենք, ուստի, երբեք իրենց ու մեր անձերը գերազանցելու չեն եւ չենք ուրիշներէն…

Բայց յատկապէս պիտակելու չեն ու չենք ուրիշները «մեղաւոր»-ով եւ «մաքսաւոր»-ով, իսկ իրենք զիրենք ու մեր անձերը` «ամենագէտ»-ով եւ «արդար»-ով…

Որովհետեւ այսպէս կենցաղավարելով` իրենք զիրենք դուրս կը նետեն այն հասարակութենէն, որուն անդամ-անդամուհիներուն մասին կը յայտարարէ Տէրը. «Առողջները պէտք չունին բժիշկին, այլ` հիւանդները: Եւ Ես եկած եմ կանչելու ո՛չ թէ արդարները, այլ` մեղաւորները»:

Սրտաբուխ աղօթքս եւ մաղթանքս է, որ վարդապետիս հետ ըլլաս եւ ըլլան խումբին մէջ այս վերջիններուն, որոնք արժանի կ՛ըլլան Աստուծոյ սիրազեղ ողորմութեան ու բուժարար գթասրտութեան:

Այնճար, 10 օգոստոս 2014

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )