Ռուսիան Ու Թուրքիան Թրքական Ապրանքներու Ներածման Ընդլայնման Մասին Արձանագրութիւն Ստորագրած Են

0814_Russia-TurkeyԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ` յղում կատարելով Ռուսիոյ անասնաբուժական եւ բոյսերու առողջապահականութեան վերահսկողութեան հարցերով դաշնակցային ծառայութեան` «Ռոսսելխոզնատզորի»-ի պատուիրակութենէն բարձրաստիճան աղբիւրի մը, կը հաղորդէ, որ Ռուսիան ու Թուրքիան թրքական ապրանքներու ներածման ընդլայնման մասին արձանագրութիւն ստորագրած են:

Անգարայի մէջ բանակցութիւններուն մասնակցած աղբիւրը ըսած է. «Մենք ստորագրած ենք արձանագրութիւն: Թրքական կողմը մեզի պիտի ներկայացնէ ընկերութիւններու ցանկը, անոնց մասին բոլոր տեղեկութիւններն ու անոնց արտադրութիւնները: Այդ ընկերութիւնները (մենք կը խօսինք տասնեակ ընկերութիւններու մասին) ռուսական շուկային մէջ պիտի արտօնուին իբրեւ արտածող: Թրքական կողմը հիանալի կերպով կը գիտակցի մեր շուկային մէջ իր կարելիութիւններուն»:

Արտածողներու ընդլայնուած ցուցակին մէջ ընդգրկուած ընկերութիւններուն ընդհանուր թիւը «տասնեակ անգամ կը գերազանցէ այն քանակը, որ նախապէս կը մասնակցէր Ռուսիոյ հետ արտաքին առեւտուրին»:

Կը նշուի, որ բոլոր հոլովոյթներէն ետք ընկերութիւնները պիտի ներառուին պաշտօնական ցանկին վրայ այն ընկերութիւններուն, որոնց կ՛արտօնուի ապրանքներ արտածել Ռուսիա եւ Մաքսային միութեան այլ երկիրներ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )