Քամերոն ՏԱՀԵՇ-ին Վերջ Տալու Համար Իրանի Հետ Գործակցութիւնը Չի Բացառեր

Տէյվիտ Քամերոն
Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն բրիտանական «Սանտէյ Թելեկրաֆ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ չբացառեց ՏԱՀԵՇ-ի երեւոյթին վերջ տալու համար Իրանի հետ գործակցութիւնը: Ան զգուշացուց, որ ՏԱՀԵՇ կրնայ իր փողոցներուն մէջ Բրիտանիան թիրախ դարձնել, եթէ անոր յառաջխաղացքը չկասեցուի:
Փեշմերկաները երէկ յաջողեցան ամերիկեան օդուժին օժանդակութեամբ յառաջանալ ու գրաւել Մուսուլի ամբարտակի արեւելեան մասը: Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, որ փեշմերկաները ամբողջութեամբ իրենց վերահսկողութեան տակ առին Մուսուլի ամբարտակը: Բախումներու ընթացքին սպաննուեցան ՏԱՀԵՇ-ի բազմաթիւ անդամներ, ներառեալ` կազմակերպութեան ղեկավարի օգնական Ապու Անաս Ժուլանին: Փեշմերկաները նաեւ գրաւեցին Մուսուլի հիւսիսը եւ Մուսուլի ամբարտակին հիւսիսը գտնուող շարք մը գիւղեր:
Մինչ այդ, Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի նախագահ Մասուտ Պարզանի գերմանական կառավարութենէն պահանջեց զէնք մատակարարել իր ուժերուն, որոնք ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն դէմ կը կռուին: «Մենք հզօր զէնքերու կը սպասենք ոչ միայն Միացեալ Նահանգներէն, այլ նաեւ մեր այլ դաշնակիցներէն ու բարեկամներէն, ներառեալ` Գերմանիայէն», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Ահաբեկչութեան դէմ պատերազմին մէջ պատմական շրջադարձ մը կը դիմագրաւենք, եւ ան որ Եւրոպան կ՛ուզէ ահաբեկչութենէն պաշտպանել, պէտք է հիմա սկսի Քիւրտիստանի շրջանը պաշտպանել եւ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կռիւին օժանդակել»:
«Միջազգային ընտանիքէն գետնի վրայ զինուորներ չենք ուզեր, այլ միայն զէնքեր», ըսաւ Պարզանի:
Աղբիւրներ ամերիկեան «Սաուա» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեցին, որ տասնեակներով քիւրտեր հաւաքուած են Սպիտակ տան դիմաց` բողոքելու համար հիւսիսային Իրաքի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն գործած ահաւոր արարքներուն դէմ եւ պահանջելու համար, որ «մարդկային խիղճը իրենց ողբերգութեան ուշադրութիւն դարձնէ»: Անոնք նաեւ միջազգային հաւաքական միջամտութիւն պահանջած են` նշելով. «Հարցը քիւրտ ժողովուրդը կը շրջանցէ եւ մարդասիրական հարց մըն է, որ անհատական նախաձեռնութիւններ չի հանդուրժեր»:
Նշենք, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը ուրբաթ օր միաձայնութեամբ որդեգրած էր ՄԱԿ-ի 7-րդ յօդուածին տակ թիւ 2170 որոշումը, որ կը դատապարտէ Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի գործած «ահաբեկչական յարձակումները»:

