Այսօր Ազրպէյճանի, Վրաստանի Եւ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարներու Հանդիպում` Նախիջեւանի Մէջ
Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով հաղորդած է, որ 18 օգոստոսին Նախիջեւանի մէջ նախատեսուած է Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարներ Զաքիր Հասանովի, Իսմեթ Եըլմազի եւ Իրաքլի Ալասանիայի հանդիպումը:
Անոնք հանդիպում պիտի ունենան այսպէս կոչուած Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահ Վասիֆ Թալիպովի հետ: Նախատեսուած են նախարարներու դէմ առ դէմ հանդիպումներ, ինչպէս նաեւ եռակողմ ձեւաչափով քննարկումներ, այցելութիւն զօրամասեր, Նախիջեւանի մշակութային եւ պատմական յուշարձաններ եւ այլ նախաձեռնութիւններ:
Պաշտպանութեան նախարարներու Նախիջեւան այցելութիւնը պիտի տեւէ մէկ օր:
CATEGORIES Միջազգային

