Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՆԱԽԿԻՆ նախագահ զօր. Միշել Սլէյման հաստատեց, որ լիբանանեան բանակին կատարուած սէուտական օժանդակութիւնը դրուատիքի արժանի է` աւելցնելով, որ բանակը օր մը օրանց զինուելու առաջարկ կամ նուէր չէ ստացած Իրանէն:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի ձեռքը կոտրուեցաւ եւ ան վիրահատումի ենթարկուեցաւ:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Սամիր Մազլում եպիսկոպոսը յայտնեց, որ Լիբանան այսօր կ՛ենթարկուի իր պատմութեան ամէնէն վտանգաւոր փորձանքներէն մէկուն:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա շեշտեց, որ հաւատադրժողական ծրագիրները պէտք է տապալել եւ պարտութեան մատնել` առանց արտօնելու անոնց ընդլայնումն ու ընդարձակումը:
ԱՄԱԼ շարժումի քաղաքական խորհուրդի անդամ երեսփոխան Ալի Խրէյս յայտնեց, որ անհրաժեշտ է երկիրը ներքին առումով հզօրացնել ու ամրապնդել, ինչպէս նաեւ բանակը լաւապէս զինել:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Թալալ Մերեհպի լաւատեսութիւն յայտնեց` շեշտելով, որ յառաջիկայ ամսուան ընթացքին կարելի է քաղաքական եւ ապահովական առումով լուծումներ վկայել:
ԼԵՌՆԱԼԻԲԱՆԱՆԻ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ժուզու շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ երկու չափ եւ երկու կշիռի քաղաքականութիւնը զգալի է եւ ճշմարտութիւն:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի կոչ ուղղեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին արգիլելու հաւատադրժողական ահաբեկիչներուն զինումը եւ ֆինանսաւորումը: Ան շեշտեց նաեւ, որ այս հանգրուանին սուրիական բանակը ամէնէն աւելի կրնայ օգտակար հանդիսանալ լիբանանեան բանակին:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ նշեց, որ ըստ երեւոյթին, զինեալները Արսալէն փախուստ տուած են եւ ուղղուած Թուֆէյլ:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի համաձայնած են խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգել, պայմանաւ որ այդ ընթացքին անլոյծ եւ առկախ մնացած որոշ թղթածրարներու լուծումը ապահովուի:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակն ու Թրիփոլիի քաղաքապետութիւնը Թրիփոլիի Խնաք շրջանին մէջ ապահովական խիստ միջոցառումներ որդեգրած են:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Քապաս» օրաթերթին համաձայն, Արսալի մէջ ահաբեկիչներուն դէմ լիբանանեան բանակին մղած կռիւները Ուաշինկթըն մեծապէս կ՛արժեւորէ:
ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը զգուշացուց իր քաղաքացիները` Լիբանան ճամբորդելէ:
ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերը կը պատրաստուին խորհրդաժողովի մը` ներկայութեամբ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա յայտնեց, որ հաւատադրժողական շարժումներու անդամները Լիբանան հասած են Քալամունի մէջ Հըզպալլայի մղած կռիւներուն պատճառով:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, Ֆրանսա լիբանանեան բանակը կ՛ուզէ նախապէս օգտագործուած զէնքերով զինել:
ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի յայտնեց, որ իրենք լաւատես են Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրիի Պէյրութ մնալու որոշումով:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի կոչ ուղղեց աշխատելու` ի խնդիր գերեվարուած զինուորներուն ազատ արձակումին:

