ՄԻՆՉ ՌԱՄՈՍ ԵՒ ՓԵՓԷ ԻՐԵՆՑ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԵՐԿԱՐԱՁԳԵՑԻՆ. «ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏ ԿԱՐԻՔԸ ՈՒՆԻ ՄԻԱՅՆ ՅԱՒԵԼԵԱԼ ՅԱՌԱՋԱՊԱՀԻ ՄԸ» Կ՛ԸՍԷ ՄՈՒՐԻՆԻՕ

Ժոզէ Մուրինիօ

Ռէալ Մատրիտի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ակումբին մաս կազմող յետսապահներէն երկուքը` Սերճիօ Ռամոս եւ Փեփէ իրենց պայմանագրութիւնները երկարաձգեցին: Առաջինը մինչեւ 2016-2017 տարեշրջան, իսկ երկրորդը` մինչեւ 2015-2016 տարեշրջան:

25 տարեկան Ռամոս 2005-ին Սեւիլլայէն միացաւ մայրաքաղաքի կազմին, մինչ 28 տարեկան Փեփէ 2007-ին` Փորթոյէն:

Այլ գետնի վրայ, ակումբի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ ըսաւ, որ ակումբը կարիքը ունի միայն յառաջապահի մը, որմէ ետք կազմ ու պատրաստ կ՛ըլլայ 2011-2012 տարեշրջանին:

Ներկայիս կը խօսուի երկու յառաջապահներու` Սերճիօ Ակուերոյի (Արժանթին) եւ Նէյմարի (Պրազիլ) մասին:

Share this Article
CATEGORIES