«ՔՈՓԱ ԱՄԵՐԻՔԱ». ՎԻՐԱՒՈՐ ՍԱՆՏՐՕ ՔԱՇՈՒԵՑԱՒ ՄՐՑԱՇԱՐՔԷՆ
Պրազիլի ֆութպոլի ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ «Քոփա Ամերիքա»ի մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերող միջնապահ Սանտրօ քաշուեցաւ մրցաշարքէն` վիրաւոր ըլլալուն պատճառով:
Թոթենհամի մաս կազմող 22 տարեկան Սանտրօ, որ արդէն իսկ չմասնակցեցաւ Պրազիլի կատարած երկու մրցումներու, արդէն իսկ մեկնեցաւ Սան Փաուլօ, ուրկէ պիտի մեկնի Լոնտոն` յաւելեալ քննութիւններու ենթարկուելու համար:
Ըստ մրցաշարքին օրէնքներուն, Պրազիլի մարզիչ Մանօ Մենեզեսի արտօնուած չէ անոր փոխարէն այլ մարզիկ մը միացնել խումբին:
CATEGORIES Մարզական