Ժոմպլաթ Կոչ Ուղղեց Նախագահական Համախոհական Թեկնածու Մը Առաջադրելու
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ շաբաթավերջին «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց նախագահական համախոհական թեկնածու մը առաջադրելու կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ երեսփոխան Հանրի Հըլու ծանօթ է բոլորին եւ քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ անոր գործակցութիւնը կրնայ հեզասահ ընթանալ:
Ժոմպլաթ նշեց, որ ինք Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունին այցելած է, որովհետեւ խոստացած է հանդիպիլ նախագահական բոլոր թեկնածուներուն հետ:
Ան հաստատեց, որ իբրեւ լիբանանցիներ իրենք կարողութիւնը ունին ընտրելու հանրապետութեան նախագահ մը, որ լիբանանեան որոշումով ըլլայ, առանց սպասելու արտաքին ազդանշաններու:
Ժոմպլաթ նշեց, որ ՏԱՀԵՇ-ը միայն Լիբանանը թիրախ չի դարձներ, այլ նաեւ ամբողջ Իրաքն ու Սուրիան` հաստատելու համար իսլամական պետութիւնը:
Ան նշեց, որ Միացեալ Նահանգներուն հիմնական նպատակը Իսրայէլի ապահովութեան պաշտպանութիւնն է եւ շրջանին քայքայումը` ընդգծելով, որ անհրաժեշտ է Դիմադրութեան զէնքը ուղղել, որովհետեւ անիկա կը մնայ Իսրայէլի դէմ պաշտպանութեան միակ երաշխիքը:
«Լիբանանի ապահովութիւնը ամէն բանէ վեր է, իսկ ահաբեկչական խմբաւորումներուն Լիբանան մուտքը արգիլելը պէտք է անհրաժեշտութիւն դառնայ, իսկ Հըզպալլայի ապազինումը միայն երկխօսութեամբ կարելի կը դառնայ», ընդգծեց Ժոմպլաթ:
Ժոմպլաթ հաստատեց, որ Լիբանան եւ ամբողջ շրջանը գոյութենական սպառնալիքի ենթակայ են:
Ժոմպլաթ շեշտեց, որ քրիստոնեաները պէտք է նկատի ունենան շրջանային իրադարձութիւններն ու իրարանցումը եւ համաձայնին հանրապետութեան նախագահի մը շուրջ:
Ժոմպլաթ յայտնեց, որ ինք համաձայն է խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումին, պայմանաւ որ անիկա ըլլայ թեքնիք եւ ժամանակաւոր երկարաձգում մը, որուն ընթացքին հանրապետութեան նախագահ մը պիտի ընտրուի:

