Հարիրի Շնորհաւորեց Իրաքի Նախագահն Ու Վարչապետը
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի շաբաթավերջին շնորհաւորագիրներ յղեց Իրաքի նախագահ Ֆուատ Մաասումի եւ վարչապետ Հայտար Ապատիի` անոնց մաղթելով յաջողութիւն` Իրաքի կայունութեան հաստատումին եւ իրաքցիներուն անվտանգութեան ապահովումին նպատակով:
Իրաքի նախագահին ուղղուած իր հեռագիրով Սաատ Հարիրի կոչ ուղղեց, որ իր ընտրութիւնը Իրաքի միասնականութեան պահպանումին իսկական առիթը կ՛ըլլայ եւ երկիրը կ՛ուղղուի լուծելու տարիներէ ի վեր կուտակուած հարցերը:
Ան հաստատեց, որ Իրաքի միասնականութիւնը ամուր հիմքը կը կազմէ արաբական քաղաքական կայունութեան:
CATEGORIES Լիբանանեան

