«Որոշած Ենք Դիմադրել Տահեշ-Ին` Առանց Համախոհութեան Մը Գոյացման Սպասելու» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

Սէյիտ Նասրալլա` պատկերասփռուած ճառին պահուն

Սէյիտ Նասրալլա` պատկերասփռուած ճառին պահուն

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա անցեալ ուրբաթ, 15 օգոստոս 2014-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, 2006-ի յուլիսեան պատերազմին տարեդարձին առիթով արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ կոչ ուղղեց բոլորին գիտակցելու, որ ամբողջ շրջանին գոյութեան սպառնացող վտանգներ կան:

Ան հաստատեց, որ պէտք է դիմադրել այս վտանգին` աւելցնելով, որ անոր յաղթելու համար անհրաժեշտ է անոր շուրջ ազգային համախոհութիւն եւ ազգային կեցուածք ձեւաւորել` կառավարութեան, բանակին եւ ժողովուրդին մակարդակով:

«Եթէ լիբանանցիները ազգային համախոհութեան սպասէին, ապա Իսրայէլ այսօր Պէյրութի եւ Թրիփոլիի մէջ կը գտնուէր», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա անդրադարձաւ իսրայէլեան վտանգին, որ սկսած է 20-րդ դարու սկիզբը եւ հիմա դարձած է շատ աւելի վտանգաւոր:

Սէյիտ Նասրալլա ակնարկեց նաեւ ՏԱՀԵՇ-ին` դիտել տալով, որ անիկա այլեւս շարժում մը կամ կազմակերպութիւն մը չէ, այլ` երկիր մը, որ ունի քարիւղի եւ ջուրի հարստութիւն, ինչպէս նաեւ շրջանային առումով կը ֆինանսաւորուի:

Լիբանանի նախագահական ընտրութեան ակնարկելով` սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Հըզպալլա կը զօրակցի որոշ թեկնածուի մը, եւ կոչ ուղղեց ուղղակի երկխօսութիւն կատարելու: Ան ընդգծեց ներկայ կառավարութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը` նկատի ունենալով, որ անիկա գործող միակ իշխանութիւնն է մինչեւ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը:

Սէյիտ Նասրալլա կոչ ուղղեց վերջ տալու համայնքային եւ կուսակցական սադրանքներու նախապատրաստութեան եւ ազգային-տեղայնական հաշտութիւններ կատարելու: Իր խօսքը ուղղելով Արսալի բնակչութեան` սէյիտ Նասրալլա ըսաւ. «Արսալի ապագան հիւսիսային Պեքաայի մէջ է, այսինքն` Պաալպեք-Հերմելի եւ ոչ թէ ՏԱՀԵՇ-ի կամ Նուսրայի հետ»:

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը շեշտեց, որ Սուրիոյ հետ նուազագոյն գործակցութիւնը կարեւոր է` գաղթականներուն թղթածրարը լուծելու առումով, «իսկ աւելի ուշ, կամայ թէ ակամայ` Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ պաշտօնական երկխօսութիւն պէտք է կատարուի` երկու երկիրներուն սահմաններուն հսկողութեան առումով», աւելցուց ան:

Լիբանանեան բանակին եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն կարգ մը անդամներուն գերեվարումին մասին խօսելով` սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ անոնց գերեվարումը արժանապատուութեան հարուած է` ընդգծելով լիբանանեան բանակն ու ապահովութեան ուժերը զինելու անհրաժեշտութիւնը:

Կազայի դէմ իսրայէլեան բռնարարքներուն անդրադառնալով` սէյիտ Նասրալլա ըսաւ, որ անիկա մաս կը կազմէ շրջանին քարտէսը փոխելու եւ Պաղեստինեան հարցը ջնջելու մեծ ծրագիրի մը: Ան նշեց, որ շրջանին համար պատրաստուած նոր քարտէսը ամերիկացիներուն մտայղացումն է եւ անիկա հիմնուած է շրջանին բեկորներուն վրայ: «Պէտք է գիտակցիլ, որ Միջին Արեւելքին ու Լիբանանին գոյութիւնը վտանգուած է: Իսկ այդ վտանգին գլխաւոր աղբիւրներն են իսրայէլացիներն ու հաւատադրժողական հոսանքը», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ բոլորը պէտք է գիտնան, թէ ՏԱՀԵՇ-ը եւ անոր զօրակցողները կրնան դիւրաւ պարտութեան մատնուիլ, սակայն այդ մէկը բոլոր քաղաքացիներուն միասնականութիւնն ու պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը կ՛ենթադրէ: «Մենք մեր պատասխանատուութեան գիտակից ենք եւ ոչ մէկ տեղ փախուստ պիտի տանք, այլ պիտի պայքարինք ու գոյատեւենք եւ ճակատաբաց պիտի կռուինք ու յաղթենք, կամ նահատակուինք ու հոս թաղուինք, որովհետեւ մեր երկիրը վտանգի սպառնալիքին տակ կը գտնուի: Փոքր Լիբանանը շրջանին առանցքը պիտի փոխէ, եւ մենք որոշած ենք դիմադրել ՏԱՀԵՇ-ին` առանց համախոհութեան մը գոյացման սպասելու», եզրափակեց սէյիտ Նասրալլա:

 

Share this Article
CATEGORIES