ՊԱՐԹԸՆԻՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ ՄԵԿՆԵԼՈՒ ԱՅՑԵԳԻՐ ՉՏՐՈՒԵՑԱՒ

Ժոէյ Պարթըն

Նիւքեսըլի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ակումբին միջնապահներէն Ժոէյ Պարթընի Միացեալ Նահանգներ մեկնելու այցեգիր չէ տրուած` նկատի ունենալով, որ ան 2008-ին վեց ամսուան բանտարկութեան վճիռ ստացած էր` իր կատարած մէկ արարքին համար:

28 տարեկան Պարթըն Նիւքեսըլի պահեստի մարզիկներուն հետ Հոլանտա պիտի մեկնի` ուսումնամարզական հաւաքի մը համար:

Նիւքեսըլի մարզիկները, որոնք այս շաբաթավերջին պիտի մեկնին Միացեալ Նահանգներ, այդտեղ յաջորդաբար ֆութպոլի մրցումներ պիտի կատարեն Սփորթինկ Քանսասի (20 յուլիս), Օրլանտօ Սիթիի (23 յուլիս) եւ Քոլոմպիւս Քրուի (26 յուլիս) դէմ:

 

Share this Article
CATEGORIES