50 Տարի Առաջ (19 Օգոստոս 1964)
Ամբողջ Լիբանան Միացաւ
Նոր Նախագահին Շուրջ
Այսօր 95 Երեսփոխաններու Ձայներով
Շարլ Հելու Լիբանանի Հանրապետութեան
Նախագահ Պիտի Ընտրուի
Խորհրդարանական Բոլոր Հոսանքները
Իրենց Վստահութիւնը Յայտնեցին
Երեսփոխանական ժողովը այսօր ժամը 11:00-ին պիտի գումարուի ընտրելու համար նոր նախագահը, որ յառաջիկայ սեպտեմբեր 23-ին պիտի յաջորդէ զօր. Ֆուատ Շեհապի:
Շարլ Հելու, որուն շուրջ կիրակի համաձայնութիւն գոյացած էր մեծամասնութեան եւ Ազգային համախմբումի շարժման երեսփոխաններուն միջեւ, պիտի ընտրուի գրեթէ համաձայնութեամբ:
Արդարեւ, երէկ ընդդիմադիր պլոքները որոշեցին զօրավիգ կանգնիլ Հելուի եւ անոր ի նպաստ քուէարկել: Այս որոշումները տրուեցան բազմաթիւ շփումներէ ետք:
Նախ Սաէպ Սալամ-Սիւլէյման Ֆրենժիէ պլոքը (6 ձայն) ծանուցեց իր յարումը: Շատ չանցած` նոյն որոշումը հաղորդեց Ազգային պլոքը (2 ձայն), որուն հետեւեցաւ Ազգային ազատական կուսակցութիւնը (6 երեսփոխան):
Մեծամասնութեան 59 ձայներուն (6 դժգոհներու վերադարձով), ԱՀՇ-ի եւ Ալէյի պլոքին 21 ձայներուն եւ Սամի Սոլհի հետ, որ որեւէ պլոքի մաս չի կազմեր, Հելու պիտի ստանայ 95 ձայն:
Միայն փաղանգաւորներ սկզբունքային հարցի մը համար դուրս կը մնան նոր նախագահին շուրջ գոյացած ազգային համախմբումի այս արտայայտութենէն, Փիեռ Ժեմայէլ, որ որոշեց պահել իր թեկնածութիւնը, պիտի ստանայ փաղանգաւոր 4 երեսփոխաններուն ձայները:
Հետզհետէ, երբ պլոքները կ՛որոշէին միանալ, կ՛ընդունէին այցելութիւնը Հելուի, որուն կը տեղեկացնէին իրենց որոշումը: Առաջին այցելութիւնը ընդունեց Սուլէյման Ֆրենժիէ եւ իր խմբակը, որոնք ժողով գումարելով պանդոկ «Պրիսթոլ»-ի մէջ` որոշած էին քաշել Ֆրենժիէի թեկնածութիւնը:
Իրիկուան ժամը 8:00-ին հաղորդագրութիւն մը հրատարակեց Ազգային պլոքը եւ որոշեց քուէարկել ի նպաստ Հելուի: Քիչ յետոյ ուրիշ հաղորդագրութեամբ մը նոյն որոշումը յայտնեց նաեւ Ազգային ազատական կուսակցութիւնը: Միւս կողմէ` մեծամասնութեան մաս կազմող 6 դժգոհները յայտարարեցին, թէ պիտի մասնակցին այսօրուան նիստին եւ պիտի քուէարկեն Հելուի:
Ընդհանուր Գոհունակութիւն
Շարլ Հելուի զօր. Ֆուատ Շեհապի յաջորդ նշանակումը եւ այդ նշանակման ձեւը որոշ սփոփանքով ընդունուեցան պաշտօնական եւ ժողովրդային շրջանակներու մէջ: Նոյն շրջանակները դիտել կու տան, թէ առաջին անգամ ըլլալով երկրին պետը կը նշանակուի հանդարտութեան եւ ազգային միութեան մթնոլորտի մը մէջ:
Նախագահ Շեհապ երէկ առտու ընդունելով Քամել Ասատը` իր գոհունակութիւնը յայտնեց գոյացած համաձայնութեան համար:
Շ. Հելու Նախագահ Շեհապի Մօտ
Շարլ Հելու երէկ առտու փրոթոգոլային այցելութիւն մը տուաւ հանրապետութեան նախագահին: Ունկնդրութենէն ետք, Շ. Հելու մերժեց որեւէ յայտարարութիւն ընել: Առաւօտ կանուխ գացած էր Ապատիէ` այցելութիւն տալու համար վարչապետ Ուէյնիի:
Ապահովութեան Միջոցառումներ
Ներքին ապահովութեան խորհուրդը երէկ առաւօտ ժողով գումարեց վարչապետ Ուէյնիի նախագահութեամբ եւ զեկուցում մը հրատարակելով, ըստ սովորականի, որոշեց ապահովութեան միջոցներ ձեռք առնել միայն խորհրդարանի մերձակայ շրջաններուն մէջ: Նոյն զեկուցումով կը հերքուին այն զրոյցները, որոնց համաձայն, նախագահական ընտրութեան առթիւ երթեւեկը պիտի արգիլուի մայրաքաղաքին մէջ:
Միւս կողմէ` արտօնութիւն տրուեցաւ պատկերասփիւռի երկու ընկերութիւններուն` ուղղակի հաղորդելու նախագահական ընտրութեան նիստը:

