Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պէյրութ Ապահովեց Աւարտականի Իր Տոմսը

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ-ֆոր»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Պէյրութ եւ Շապապ Արապի իրենց արձանագրած յաղթանակներուն շնորհիւ ապահովեցին աւարտականի իրենց տոմսերը` նկատի ունենալով, որ անոնք 2-0 արդիւնքով գերազանցեցին իրենց մրցակիցները:

ՀՄԸՄ Պէյրութի աղջիկները 62-48 արդիւնքով յաղթեցին Անդրանիկ Սին էլ Ֆիլին, մինչ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 57-51 արդիւնքով պարտուեցաւ Շապապ Արապիէն:

Նշենք, որ թէեւ ՀՄԸՄ Պէյրութ եւ Շապապ Արապի բարձրացան Ա. դասակարգ, սակայն անոնք աւարտականին պիտի մրցին իրարու դէմ, որպէսզի յստականայ, թէ ո՛վ պիտի ըլլայ Բ. դասակարգի ախոյեանը:

Share this Article
CATEGORIES