Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ – Շեպիպեթ Մազրաա` 2-0

ՀՄԸՄ-ի կազմը` շաբաթ օրուան մրցումին

ՀՄԸՄ-ի կազմը` շաբաթ օրուան մրցումին

Ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ շաբաթ, 16 օգոստոսին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարանի դաշտին վրայ հիւրընկալեց Շեպիպեթ Մազրաան:

Պատրաստուելու համար Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2014-2015 տարեշրջանին, ՀՄԸՄ, որ կատարեց իր երկրորդ մրցումը (առաջինը` Ախա Ահլի Ալէյի դէմ, 0-0), 2-0 արդիւնքով յաղթեց իր մրցակիցին` շնորհիւ Ճոնի Քոնճեանի եւ հայրենի ֆութպոլիստ Գէորգ Օհանեանի (փենալթիով) նշանակած կոլերուն (երկուքն ալ Ա. կիսախաղին):

ՀՄԸՄ-ի մարզիչ Սամուէլ Պօղոսեան Ա. կիսախաղին դաշտ ներկայացուց իր հիմնական կազմը, մինչ Բ. կիսախաղին ընդհանրապէս նկատի առաւ իր պահեստի մարզիկները, որպէսզի կարենայ գիտնալ անոնց յատկութիւնները:

Գրեթէ նոյնը կատարեց մրցակից կազմը:

Նշենք, որ շուրջ 100-150 ՀՄԸՄ-ի համակիրներ ներկայ եղան այս մրցումին եւ քաջալերեցին իրենց կազմը:

Share this Article
CATEGORIES