Շէնքը Թափուր Է, Բայց Գործը Կը Շարունակուի…

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
0819_levon-(1)Հալէպի շարունակուող պատերազմը անգութ գտնուեցաւ ոչ միայն մարդոց ու անոնց բնակարաններուն կամ գործատեղիներուն նկատմամբ, այլեւ չխնայեց նոյնիսկ հիւանդանոցները, աղօթատեղիները (մզկիթ եւ եկեղեցի), դպրոցները…

Այս ընդհանուր գորշ համայնապատկերին մէջ իրենց բաժին ստացան նաեւ հայկական վարժարանները: Ատոնցմէ ոմանք փակեցին իրենց դռները ու տեղափոխուեցան «ապահով» նկատուած այլ վայրեր, ժամանակաւորապէս:

Ճիշդ երկու տարիէ ի վեր` նմանօրինակ կացութեան մը մէջ է Քարէն Եփփէ Ազգ. ճեմարանն ալ: Մեր սիրելի վարժարանին փառաւոր շէնքը թափուր է…

Ճեմարանը 67 տարուան անցեալ ունեցող հաստատութիւն է, կը գոյատեւէ 1947-էն ի վեր: Եւ եթէ յիշեցնենք, թէ իր հիմնադրութենէն սկսեալ ո՛չ մէկ պատճառով Ճեմարանը այսքան երկար ժամանակաշրջանով ՍՏԻՊՈՒԵՐ Է փակել իր դռները, այն ատեն կրնանք հասկնալ տարողութիւնն ու լրջութիւնը Սուրիոյ այժմու տագնապին կամ քաոսին…

Բարեբախտութիւնը այն է սակայն, որ Ճեմարանը կը շարունակէ բանիլ: Շէնքը թափուր է, բայց գործը, առաքելութիւնը, ծառայութիւնը կը շարունակուին: Եւ թէ ինչպէ՜ս…

Ամրան արձակուրդին հետ մեր սեղանին հասան զոյգ մը հրատարակութիւններ, երկուքն ալ` Ճեմարանի գործ եւ արտադրութիւն: Այս հրատարակութիւնները կրկին յիշեցուցին մեզի, թէ հակառակ առկայ բազմաբնոյթ դժուարութիւններուն` Ճեմարանին մէջ կը շարունակուի աւանդական «մեղրաշինութիւն»-ը…

* * *

0819_levon-(2)Առաջին հրատարակութիւնը, զոր ստացանք, ճեմարանի «Ծիլեր» պարբերաթերթի նոր թիւն էր:

Ծի՜լ, ծիլե՜ր…

Ծառերու ճիւղերէն պայթած առաջին կանաչ ընձիւղները, առաջին բողբոջները, առաջին մատղաշ ցօղունները…

Բայց փոխաբերական իմաստով` «ծիլեր» կը կոչենք նաեւ գրական ասպարէզի սկսնակները, այսինքն անոնք, որոնք իրենց առաջին վարանոտ քայլերը կը նետեն մամուլի էջերուն վրայ… Այս իմաստով ալ Ճեմարանի պարբերաթերթին անունը ունի առանձին թելադրականութիւն մը:

«Ծիլեր» զուտ աշակերտական պարբերաթերթ մըն է, որուն ծննդեան թուականը կ՛երթայ մինչեւ 1961:

Իրականութեան մէջ «Ծիլեր»-ը ունեցած է հրատարակութեան երկու շրջան: Նախ` 1961-64, այնուհետեւ, ութ տարուան դադարէ մը ետք,  1972-էն մինչեւ այսօր, անխափան: Այլ խօսքով, «Ծիլեր» 45 տարուան…հաստաբուն ԾԱՌ մըն է արդէն, որ տարեկան մէկ-երկու թիւերու մէջ ի մի կը խմբէ ճեմարանական աշակերտներու գրական նախափորձերն ու հայերէն յաջող շարադրութիւնները:

Շատ շատերու համար «Ծիլեր» գրական մկրտութեան աւազան մը եղած է: Անձնապէս իմ ալ գրչի առաջին փորձերս հո՛ն երեւցեր էին, 80-ականներուն… Հասկնալի է հետեւաբար, թէ ինչո՛ւ գուրգուրանքով ձեռք առի նորատիպ «Ծիլեր»-ը ու սկսայ թղթատել զայն:

96 էջանի սիրուն պարբերական մը, ուր իրենց ստորագրութիւնները դրած են շուրջ 40 ճեմարանականներ:

Պիտի զարմանաք անշուշտ, եթէ մտաբերէք Հալէպի դժոխային պայմանները. Ճեմարանը ի՛նք «գաղթական» է հիմա, ելեկտրական հոսանքի յաճախակի ընդհատումները կը խանգարեն ամէն աշխատանք, տնտեսական սուր տագնապը իր գլանին տակ կը ճզմէ ամէն շինիչ ծրագիր, ու…«Ծիլեր»-ը դա՛րձեալ իր գլուխը կը բարձրացնէ հողին տակէն… Հրա՛շք է ասիկա:

Այս նոր թիւը խմբագրուած է Ճեմարանի հայերէնաւանդ նորընծայ ուսուցչուհիներէն Սօսի Միշոյեան-Տապպաղեանին կողմէ: Սօսին Հալէպի Հայագիտական հիմնարկի փայլուն շրջանաւարտներէն էր: Ան իր առաջնորդող գրութեան մէջ նկատել կու տայ, որ` «երկրին պատերազմական ահաւոր պայմանները ակնյայտօրէն իրենց ազդեցութիւնը թողուցին մեր ուսանողութեան մտային եւ հոգեկան զարգացումին վրայ»:

Եւ իրապէս: Շարադրութիւններուն վերնագիրներն անգամ խօսուն են. «Ապառաժ Հալէպը», «Գաղթը եւ անոր հետեւանքները», «Անիծեալ հրասանդը», «Պատերազմը», «Նահատակը», «Անմեղ զոհեր», «Երանի՜ այդ օրերուն» եւ այլն:

Միւս կողմէ` այս թիւը տեղ տուած է քանի մը կարեւոր նիւթերու ալ: Օրինակ` Ճեմարանի հայերէնաւանդ ուսուցչուհիները իրենց տեսակէտները  արտայայտած են  Յակոբ Չոլաքեանին կողմէ պատրաստուած ու քանի մը տարիէ իվեր հերթաբար տպագրութեան յանձնուող հայերէնի «ԱՆԴԱՍՏԱՆ» նորատիպ դասագիրքերու շարքին մասին (հրատարակութիւն` Բերիոյ հայոց թեմի): Այս շարքը ներկայիս կ՛օգտագործուի Ճեմարանի բոլոր կարգերուն մէջ:

Այլ էջերու վրայ` նախկին ու ներկայ ճեմարանականներ իրենց ջերմ զգացումները արտայայտած են Ճեմարանի հայերէնաւանդ (այժմ` պաշտօնէ դադրած) երկու երկարամեայ ուսուցիչներուն` Յակոբ Չոլաքեանին եւ Լալա Մինասեանին մասին: Այստեղ շատ տպաւորիչ գտանք 1993-ի շրջանաւարտ Անի Փանոսեանին (այժմ` Նիւ Ճըրզի) տպաւորութիւնները, որոնք տրուած են գրական ճաշակով ու շահեկան մերձեցումներով:

«Ծիլեր»-ու այս թիւէն, ընդհանրապէս, վառօդի հոտ կու գայ…

Անշո՛ւշտ: Որովհետեւ, ինչպէս ճեմարանի տնօրէն  Յակոբ Քիլեճեանն ալ կը գրէ իր նախաբան խօսքին մէջ, «Ճեմարանի պատմութեան մէջ 2012-2013 տարերջանը եղաւ ամէնէն տագնապալին ու տխրայարոյցը»…

***

Երկրորդ հրատարակութիւնը, որ «Ծիլեր»-ուն զուգահեռ հասաւ մեզի, ճեմարանի «Տարեգիրք»-ն է:

Արտասահմանի մէջ քիչեր գիտեն, թէ Քարէն Եփփէ Ազգ. ճեմարանը ունի  3 տարբեր հրատարակչական ձեռնարկներ:

Ամէնէն առաջ, ինչպէս յիշեցինք արդէն, կայ աշակերտական «Ծիլեր» պարբերաթերթը:

Յետոյ կայ ճեմարանի Շրջանաւարտից միութեան «Շաւիղ» հանդէսը, որ արդէն 15 տարեկան է: Անոր առանցքին շուրջ համախմբուած կը տեսնենք հին ու նոր ճեմարանաւարտները, ընդհանրապէս` համալսարանականներ կամ համալսարանաւարտներ, որոնք մշակուած տարաբնոյթ նիւթեր կ՛արծարծեն այստեղ` կերպով մը երաշխաւորելով իրենց կապուածութիւնն ու հաւատարմութիւնը Ճեմարանին նկատմամբ:

Ու վերջապէս` «Տարեգիրք»-ը, որ շուրջ տասնամեակէ մը ի վեր կը հրատարակուի անխափան, եւ ուր կ՛արձանագրուին ու կ՛ամփոփուին ճեմարանի վերաբերեալ ամէն դէպք ու իրադարձութիւն:

«Տարեգիրք»-ին նորագոյն թիւը կ՛ամփոփէ վարժարանին նախանցեալ երկու տարիներուն (2010-2012) ժամանակագրութիւնը: Հատորը խմբագրուած ու հրատարակութեան պատրաստուած է հաստատութեան հայերէնաւանդ ուսուցչուհիներէն Անի Ֆիշենկճեանին կողմէ:

«Տարեգիրք»-ը 188 էջ է, պատկերազարդ եւ գեղատիպ: Հոն կրնաք գտնել այն բոլոր տեղեկութիւնները, կարեւոր կամ նուազ կարեւոր, որոնք կ՛առնչուին ճեմարանի առօրեային. աշակերտներու անուանացանկ, աշակերտներու խմբանկարներ` դասարան առ դասարան, դասատուներու եւ պաշտօնեաներու անուններ, հրաժարող կամ պաշտօնի հրաւիրուած ուսուցիչներ, տեսչական գործունէութիւն, խնամակալութեան աշխատանք, պաքալորէայի արդիւնքներ, ներքին կեանք, մշակութային-գեղարուեստական ձեռնարկներ, մարզական յաջողութիւններ, հանդէսներ…

Ինչի՞ կը ծառայեն այս տեղեկութիւնները. ՊԱՏՄԱԳՐՈՒԹԵԱՆ:

Գիտենք, որ ճեմարանի 50-ամեակին առթիւ, 1997-ին, հրատարակուեցաւ ճեմարանի պատկառելի «Յուշամատեան»-ը` Յակոբ Չոլաքեանի հեղինակութեամբ:

Ապագային, եթէ պիտի գրուի ճեմարանի Բ. յիսնամեակին պատմութիւնը, այս տարեգիրքերը պիտի դառնան գլխաւոր սկզբնաղբիւրները այդ գրառումներուն: Եւ այս Տարեգիրքերուն ալ գլխաւոր առաքելութիւնը ա՛յդ է երեւի. թթխմոր դառնալ ապագայ պատմագրութեան:

Հալէպի այժմու արտասովոր ու անբնական պայմաններուն մէջ իսկապէս անհաւատալի է նման տարեգիրքի մը պատրաստութիւնն ու հրապարակումը:

Բայց չէ՞ որ ըսուած է` «Ոչ միայն հացիւ…»:

 

Հալէպ                  

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus (0 )