Հայութեան Հոգեմտաւոր Աւանդի Ջահակիր. Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսը

ՍԻԼՎԱ ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

IMG_0001Ժողովուրդներու գոյատեւման հիմնական գրաւականներէն է անոնց մարտունակ կամքը` յաղթահարելու ցցուող դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները: Իսկ այդ կամքին խթան հանդիսացող տարրական գործօններէն են` ոգին ու գիտութիւնը, ինչպէս բնորոշած է հանգուցեալ ղեկավար, մտաւորական, կրթական մշակ Հրաչ Տասնապետեան: Գիտութիւն` հետագայ սերունդներուն փոխանցելիք աւանդ ու պատգամ ունենալու համար, եւ ոգի` այդ պատգամը լաւագոյնս ամրագրելու եւ թրծելու նորահաս սերունդի կամքն ու վճռամակութիւնը: Փաստօրէն հայ ժողովուրդը իր ամբողջ պատմութեան ընթացքին քաղաքական ու ապահովական փոթո րիկներուն դէմ թիավարած ու կրցած է գոյատեւել` շնորհիւ իր մարտունակ կամքին ու քաղաքակրթական, մշակութային աւանդին: Երեւակայեցէք հայութիւնը` առանց Ք.Ե. 301 թուականին, Տրդատ թագաւորին օրով եւ Գրիգոր Լուսաւորիչի նախաձեռնութեամբ քրիստոնէութեան պաշտօնապէս որդեգրումին, կամ` առանց 406-ին Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի հնարած այբուբենին, որ մշտադալար կաղնիի նման կը հովանաւորէ հայութեան մշակութային գոյերթը: Այդ «կամ»-երու շարքը կ՛երկարի, սակայն փորձեցէք հանել կամ ջնջել մեր պատմութենէն նման ճակատագրական ու անկիւնադարձային թուականներ, այն ատեն ի՞նչ կը մնայ հայութենէն… Հայրենի թէ աշխարհասփիւռ հայութեան առկայութիւնը մարդկութեան խճանկարին մէջ  լաւագոյն ցուցանիշն է մշակութային դարաւոր այդ աւանդի փոխանցման յաջողութեան: Այսօր երթը կը շարունակուի, ու երբ մեր հոգեւոր սրբավայրերը` Անթիլիասէն Էջմիածին, հոգեպարար աւիշ կը ներարկեն համայն հայութեան, անդին` հայագիտական կեդրոններ կը շարունակեն վերաթարմացնել ու ձեւ ու գոյն տալ հայու ինքնութեան բնութագրումի չափանիշներուն:

Դժբախտաբար, սակայն, հայ իրականութեան մէջ հազուադէպ է նման հայագիտական կեդրոններու գոյութիւնն ու անոնց խմբագիրներու տքնաջան հետազօտութեանց արգասիքը եղող հայագիտական պարբերագիրքերու հրատարակումը: Այս հանգամանքը խիստ կենսական կարեւորութիւն ունի Միջին Արեւելքի մէջ, յատկապէս` ներկայիս, երբ օր ըստ օրէ աւելի կը սեղմուի մեզ ու մեր նմանները իրենց հաւատքէն մերկացնելու ձգտող բռնարարքներու շղթան, երբ այսպէս կոչուած «Արաբական գարուն»-ն ու անոր հետեւած փոթորիկները կը պոկեն շրջանի հայութեան մնացորդացը ու զանոնք կը մղեն  արտագաղթելու դէպի աշխարհի հեռաւոր անկիւնները, երբ Թուրքիա եւ իր զինակիցները (Ազրպէյճան…) ճիգ չեն խնայեր կազմալուծելու շրջանի հայրենամերձ հայօճախները:

Հոսկէ` նշեալ հոսանքներուն դէմ հոգեմտաւոր թումբ ու պատուար հանդիսացող հայագիտական պարբերագիրք-հանդէսներու հետեւողական հրատարակման անհրաժեշտութիւնն ու կարեւորութիւնը: Փաստօրէն, հայագիտական իւրաքանչիւր պարբերագիրքի կամ ձեռնարկի իրագործումը պատասխան մըն է թուրքին ու անոր մերօրեայ թալէաթներուն, թէ հայը կը շարունակէ գոյատեւել` յաղթահարելով բոլոր արգելքները: Յաղթահարելով` առանց զէնք ու զինուորի, որովհետեւ հայագիտական հանդէսներու փոխանցած հոգեմտաւոր աւանդն ու աւիշը նոյնքա՛ն ազդու եւ զօրեղ են, որքան` Ցեղասպանութեան, Վարդանանցի թէ Արցախի հերոսամարտերուն մարտնչած հայու կամքն ու կորովը:

Այս դիտանկիւնէն ողջունելի է Միջին Արեւելքի հայագիտական տարեգիրքերէն` (ՀԱՍԿ, ՏԱԹԵՒ…) «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ի վերջերս լոյս տեսած նորագոյն` ԼԴ. հատորը: Պատմաբան-բանասէր Երուանդ Քասունիի նախաձեռնութեամբ ճամբայ հարթած այս հանդէսին երկարամեայ պատասխանատու խմբագիրն է Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեան: Խմբագրական կազմին մաս կը կազմեն` դոկտ. Արտա Էքմեքճի, դոկտ. Արշալոյս Թոփալեան, դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան եւ դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան: Արծուի Բախչինեան «ՀՀՀ»-ի ներկայացուցիչն է Հայաստանի մէջ:

Լիբանան 20-րդ դարու սփիւռքի հայագիտական կեդրոններէն մէկն է, ինչպէս հաստատած էր հայրենի գիտահետազօտական «Նորավանք» կեդրոնի փոխտնօրէն դոկտ. Արթուր Դումանեան,  «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ի (ԼԴ. հատորի) շնորհահանդէսին առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ` խիստ բարձր գնահատելով Հայկազեան համալսարան-դարբնոցը եւ անոր հայագիտական ամպիոնի հանդէսը եւ ընդգծելով, որ անիկա` «Սփիւռքում լոյս տեսնող եզակի հրատարակութիւններից մէկն է, որ 1970-ից սկսած շարունակում  է իր հայրենանուէր գիտական գործունէութիւնը»: «Անցնող աւելի քան չորս տասնամեակներին «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ը հաւատարմօրէն պահպանել է հայ դասական հայագիտութեան եւ հայագիտական պարբերականների աւանդոյթները», ըստ դոկտ.Դումանեանի, որ «հերոսական ջանք» կ՛որակէ ներկայ պայմաններուն մէջ հայագիտական հանդէսի մը հրատարակումը:

Սփիւռքը հայրենիքին կամրջող մշակութային այս օղակը կը միտի` «ապագայի ճամբայ բանալ  լեզուի գործածութեան ու զարգացման, մարդու ինքնագիտակից պատրաստութեան ու մանաւանդ կառուցողական մտքի ու հոգիի մշակման առջեւ», ինչպէս իրաւամբ բնորոշած էր Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան` նոյն առիթով արտասանած իր սրտի խօսքին մէջ: Հայագիտութեան առաքելութեան անդրադառնալով` «Հայագիտութիւն լուսաւորութեան սիրոյն, հայագիտութիւն` հայութեան սիրոյն, զիրար ամբողջացնող մօտեցումներ: Հայագիտութիւն` հայութեան սիրոյն, այսինքն` հայը այնպէս պատրաստել ու զինել, որ հայը ի՛նք մնայ հայագիտութեան առաջին տէրն ու բանուորը, առիւծը, մեղուն եւ մրջիւնը», ընդգծած էր ան: Տակաւին, հայ մտաւորական ընտրանիի հայագիտական այս հանդէսը «կերպով մը հայուն դիմագիծի մարմնացումն է` տոկուն, լուրջ, իտէալապաշտ» ըստ «ՀՀՀ»-ի երկարամեայ գլխաւոր խմբագիր Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեանի:

IMG_0002Հայկազեան համալսարանի համանուն հրատարակչատունէն (Haigazian University Press) Գրիգոր Անթունեանի տպագրութեամբ եւ «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնարկութեան նիւթական միջոցներով տպուած  654 էջերէ բաղկացած քառալեզու (հայերէն, արաբերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն) այս հատորը կ՛ընդգրկէ հայագիտական ու առհասարակ հայութեան առնչուող լեզուական, մշակութային, պատմական, գրական, բանասիրական եւ այլ մարզեր` հետեւեալ դասաւորումով.

Յօդուած-ուսումնասիրութիւններ գլխուն տակ կան ութ գրութիւններ` լեզուական, մշակութային, պատմական թէ այլ  մարզեր ընդգրկող, ինչպէս` դոկտ. Արմենակ Եղիայեանի «Օ տառը» խորագրեալ յօդուածը,  Վահրամ  Շեմմասեանի  «Մուսա Լերան հայութեան տնտեսական վիճակը ԺԹ. դարէն Ի. դարասկիզբ», Տիգրան Սիմեանի «Հին Թիֆլիսը` իբրեւ մշակոյթների երկխօսութեան սահքի միջավայր» խորագրեալ եւ այլ  ուսումնասիրու թիւնները:

Քննարկումներու բաժինին մէջ  տասը  անջատ նիւթերով  արծարծուած են պատմական, տեղեկատուական, Հայոց ցեղասպանութեան եւ այլ հարցեր, ինչպէս` Արծուի Բախչինեանի «Հայատանի Հանրապետութիւն եւ Չեխոսլովաքիա (1918-1920) – երկու նորանկախ պետութիւնների առաջին կապերը», Վիքի Չափարեանի «Հայոց ցեղասպանութիւնը` Մ. Նահանգներու նախագահ Ճորճ  Ու. Պուշի եւ Պարաք Օպամայի ելոյթներուն  ընդմէջէն», Արսէն Շահինեանի «Արմինիա արաբական նահանգի ու նրա վարչական միաւորների բնակչութեան մօտաւոր թուաքանակը» եւ այլն: Այլ քննարկումներ  ստորագրած են` Արմէն Պետրոսեան, Յովհաննէս Խորիկեան, Աննա Արեւշատեան, Մհեր Նաւոյեան, Քնարիկ Աբրահամեան, Եւգենիա Պատուրեան, Վալենտինա Գէորգեան եւ Մարիամ Մաթեւոսեան (այս երեքը` նոյն յօդուածին տակ) եւ Աշոտ Հայրապետեան:

Հրապարակումներով  լոյս տեսած են հինգ հեղինակաւոր հեղինակներու անտիպ գրութիւններ, ինչպէս` դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանի «Բանահիւսական գոհարներ Հաճնոյ բարբառով», դոկտ. Զաւէն Մըրլեանի «Ջանքեր` Զուիցերիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գծով», Կարինէ Ալեքսանեանի «Ալեքսանդրապոլի գաւառի տեղական իշխանութեան գործունէութիւնը թուրքական ռազմակալման շրջանում (մայիս-դեկտեմբեր 1918) եւ այլն:

Հաղորդումներու մէջ ներկայացուած են վեց  հաղորդումներ (BRIEFINGS), ինչպէս` Յասմիկ Եսայեանի «Քալիֆորնիայի հայ պարբերական մամուլը 1900-1930-ականներին», Էտուար Թորիկեանի «Նիկողոս Թահմիզեանի երաժշտագիտական ներդրումը», Լիլիան Յովակիմեանի «Հայը եւ հայկականը Ֆէօդոր Տիւտչեւի փախստականը վէպում»:

Յուշագրութիւն բաժնին մէջ Հրանուշ Խառատեան ունի ծաւալուն գրութիւն` Թուրքիոյ իսլամացուած եւ այլ հայերու հայկական պատկանելիութեան մասին «Ի. դարի միջնադար (իսլամացուած, իսլամացած, ալեւիացած, ծպտեալ հայերը  Թուրքիայում) (Բ.)»  խորագրով:

Գրախօսականներ գլխուն տակ Րաֆֆի Չերչեան ֆրանսերէնով կ՛անդրադառնայ ֆրանսահայ պատմաբան Քլոտ Մութաֆեանի «Արեւելքի  Հայաստանը (ԺԱ.-ԺԴ. դար)» խորագրեալ  աշխատասիրութեան, Թէոֆանիս Մալքիտիս` Վարուժան Պօղոսեանի «Զմիւռնիոյ 1922-ի աղէտը» փաստաթուղթերու ժողովածուին մասին: Ուշագրաւ է այս բաժնին մէջ դոկտ. Վարդան Մաթէոսեանի գրախօսականը` դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանի եւ դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեանի պատրաստած «Լիբանանահայ գիրքը 1894-2012. մատենագիտական ցանկ» խորագրեալ աշխատասիրութեան մասին, ուր Մաթէոսեան  գրախօսականին կցած է իր յաւելումներն ու ծանօթագրութիւնները:

ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆ գլխուն մէջ ներառուած են նախորդ` «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ի ԼԳ. հատորի Պէյրութի մէջ կայացած շնորհահանդէսի թղթակցութիւնը: Իսկ «Աշխատակիցներու ուշադրութեան» խորագրով կը նշուին «ՀՀՀ»-ի մէջ աշխատակցութեան ներկայացման ձեւն ու պայմանները:

Նշենք, որ հայերէն գրութեանց մեծ մասի վերջաւորութեան կայ անգլերէն ամփոփում մը, տուեալ գրութեան մասին:

Վերջաւորութեան կայ նաեւ մահագրութեան գլուխը, ուր նշուած են հետեւեալ  հայրենի թէ սփիւռքահայ ականաւոր դէմքերու կորուստները.

Վահան Գերասիմի  Սարգսեան , հայրենի լեզուաբան,  թարգմանիչ, բանասէր (1954-2011)

Պետրոս Հաճեան, սփիւռքահայ գրագէտ, հանրային գործիչ (1933-2012)

Նիկոլա Գարեգինի Քոթանջեան, հայրենի արուեստաբան, գեղանկարիչ (1928-2013)

Մարջըրի Անայիս Յուսէփեան-Դոբքին, ամերիկահայ պատմաբան, արձակագիր (1922-2013)

Բաբկէն Յարութիւնի Յարութիւնեան, հայրենի հայագէտ, պատմագէտ, փրոֆ. (1941-2013)

Ռուբէն Հենրիկի Գասպարեան, հայրենի գիտաշխատող, պատմական գիտութիւններու    թեկնածու (1962-2013)

Էդիկ Արտեմի Զոհրաբեան, հայրենի փրոֆ., պատմական գիտութիւններու դոկտոր (1939-2013)

Ալմաստ Գրիգորի Զաքարեան, հայրենի գրականագէտ, բանասէր  (1923-2013)

Բորիս Անատոլիի Զուրաբով, հայրենի գեղարուեստագէտ, արուեստագիտութեան դոկտոր (1945-2013)

Արաքսի Արծրունի Սարեան, հայրենի երաժշտագէտ, փրոֆ. (1937-2013)

Մհեր Ստեփանի Կարապետեան, հայրենի մանկավարժ, պատմական գիտութիւններու դոկտ., փրոֆ. (1939-2013)

Գերշ. Տ. Արսէն արք. Բէրբէրեան, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի երիցագոյն միաբաններէն, աւազանի անունով` Պետրոս (1937-2013)

ՑԱՆԿԵՐ գլխուն տակ Եղիա Ներսէսեան անգլերէնով աշխատասիրած է «Հայ դրամագիտութեան մատենագիտութիւն»-ը:

Ներկայի թէ հետագայ պատմաբան-բանասէրներու եւ հետազօտողներու համար հիմնական աղբիւր նկատուող «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ի ակադեմական այս հատորը նաեւ ընթերցանութեան հաճելի նիւթերու հաւաքածոյ մըն է, որ ոչ միայն կը զարդարէ մեր գրադարանները, այլ հոգեմտաւոր լիցք ու խինդ կը ներշնչէ մեր իրականութեան` քիչ մը աւելի  հայացնելով մեր առօրեայ կենցաղը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )