Անին Լքուած Ու Անտեսուած Է Թուրքիոյ Մէջ

0819Ani8Աւստրալիական news.com պարբերականը յօդուած մը նուիրած է հայոց Բագրատունիներու մայրաքաղաք Անիին: Յօդուածին կցուած են աւելի քան 60 հազար մնայուն ընթերցող ունեցող «Yomadic» ճամբորդական «պլակ»-ի լուսանկարները` Անիի աւերակները ներկայացնող:

Կայքը գրած է.

«Հնագոյն քաղաք Անին հիմնադրուած է աւելի քան 1600 տարի առաջ եւ եղած է այդ ժամանակաշրջանի աշխարհի մեծագոյն մայրաքաղաքներէն մէկը: Այսօր անիկա աւերակ է: Գտնուելով այժմու Թուրքիոյ արեւելեան մասին մէջ, Պոլիսէն հազարաւոր քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ, Անին կառուցուած է առեւտրական բանուկ ճամբաներու քառուղիին վրայ եւ 11-րդ դարուն վերածուած է աւելի քան 100 հազար բնակչութիւն ունեցող պարսպապատ ծաղկուն քաղաքի:

Իր ծաղկման գագաթնակէտին` հայոց թագաւորութեան մայրաքաղաք Անին եղած է հարստութեան, շքեղութեան եւ ճարտարապետական հրաշալիքներու քաղաք: Անիկա նշանաւոր եղած է նաեւ որպէս հազար ու մէկ եկեղեցիներու քաղաք, իսկ անոր եկեղեցական կառոյցները, արքայական պալատներն ու ամրոցները իրենց ճարտարապետական եւ գեղագիտական իւրայատկութեամբ համալրած են աշխարհի առաջատար կառոյցներու շարքը:

Շինարարութեան մէջ գլխաւորաբար օգտագործուած է տեղական հրաբխային պազալթը, որուն վրայ դիւրութեամբ կարելի է փորագրել եւ ունի բազմաթիւ գոյներ` դեղնաւունէն մինչեւ կարմրավարդագոյն եւ սաթի պէս սեւ: Բագրատունիներու մայրաքաղաքը եւ զայն շրջապատող տարածքները բազմիցս նուաճուած են բիւզանդական կայսրերու, օսմանեան թուրքերու, քիւրտերու, վրացիներու եւ ռուսերու կողմէ: Մինչեւ 1300-ական թուականները քաղաքը մեծ անկում կ՛ապրի եւ վերջնականապէս անտիրութեան կը մատնուի 1700-ականներուն:

Աւելի քան 700 տարի մոռացութեան մատնուած այս աւերակները զոհերն են թուրք կողոպտիչներու ու բարբարոսներու, որոնք փորձած են անհետացնել հայոց պատմութեան հետքերը այդ տարածաշրջանին մէջ»:

 

0801Ani

 

0801Ani1

 

0801Ani2

 

0801Ani3

 

0801Ani4

 

0801Ani5

 

0801Ani6

 

0801Ani7

 

Share this Article
CATEGORIES