Ուքրանիա Կը Դիմէ ՄԱԿ-ի Միջազգային Դատարան` Ընդդէմ Ռուսիոյ

Փաւել Փեթրենքօ

Փաւել Փեթրենքօ

«Քորրեսփոնտընթ» կայքը կը հաղորդէ, որ Ուքրանիոյ արդարադատութեան նախարար Փաւել Փեթրենքօ յայտնած է, որ Ուքրանիան սկսած է ՄԱԿ-ի միջազգային դատարան հայց ներկայացնելու հոլովոյթը` Ուքրանիոյ արեւելքին մէջ Ռուսիոյ կողմէ ահաբեկչութիւնը ֆինանսաւորելու մեղադրանքով:

«Մենք անվիճելի ապացոյցներ ունինք այն մասին, որ Ռուսիա զէնքով, սպառազինութեամբ եւ ֆինանսաւորումով կ՛աջակցի վարձկաններուն: Ուքրանիա սկսած է ՄԱԿ-ի միջազգային դատարան դիմելու հոլովոյթը ընդդէմ Ռուսիոյ` ահաբեկչութեան ֆինանսաւորումը արգիլող միջազգային ուխտը խախտելու համար», ըսած է նախարարը:

Ըստ անոր, ուքրանական կողմը արդէն սկսած է հոլովոյթը եւ համապատասխան գրութիւնը յղած է Ռուսիոյ:

«Ատկէ ետք մենք պիտի պահանջենք իրաւարարութիւն ձեւաւորել», ընդգծած է Փեթրենքօ` նշելով, որ նախադատական հոլովոյթը պիտի տեւէ մինչեւ 7 ամիս:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )