«Այն Ինչ Որ Սէուտական Արաբիոյ Եւ Քաթարի Միջեւ Կը Պատահի, Գոհունակութիւն Չի Պատճառեր» Կ՛ըսէ Ֆայսալ Իշխանը

Սէուտ Ֆայսալ իշխանը
Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Սէուտ Ֆայսալ իշխանը յայտնեց, որ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի նախարարներուն միջեւ քննարկումները կը շարունակուին` նշելով. «Այն ինչ որ Սէուտական Արաբիոյ եւ Քաթարի միջեւ պատահեցաւ, գոհունակութիւն պատճառող բան մը չէ»:
Ան աւելցուց, որ իրենք կ՛ուզեն, որ Ծոցի երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները զօրակցութեան եւ համաձայնութեան յարաբերութիւններ ըլլան, «մասնաւորաբար արտաքին քաղաքականութեան հիմնական կէտերուն շուրջ եւ միջազգային հարցերու նկատմամբ կեցուածքներուն մէջ»:
«Հարցերը դէպի այդ ուղղութիւնը կ՛ընթանան, եւ եթէ այդ ուղղութեամբ շարունակեն, ապա հարցին վերջ գտնելը պիտի ուրախացնէ բոլորը», ըսաւ Ֆայսալ:
CATEGORIES Միջազգային

