Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Շապապ Արապի Աւարտականի Առաջին Մրցումը
Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի առաջին մրցումը տեղի պիտի ունենայ այսօր` երեքշաբթի, 19 օգոստոսին, երեկոյեան ժամը 20:30-ին, ՀՄԸՄ Պէյրութի եւ Շապապ Արապիի միջեւ, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ:
Այս մրցումին, ինչպէս նաեւ յաջորդող երկու մրցումներուն երկու յաղթանակ արձանագրող խումբը կը հանդիսանայ Լիբանանի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեան:
Նշենք, որ երկու խումբերն ալ այժմէն իսկ ապահոված են Ա. դասակարգի իրենց տոմսերը:
CATEGORIES Մարզական

