Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Ձեր դրամական հաշիւները կարգադրելու համար պէտք է հանդիպում մը ունենաք դրամատան պատասխանատուին հետ, որպէսզի ճշդէք ձեր նիւթական վիճակը:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր համբաւը տարածուած է ձեր շրջանակին մէջ, հեռու մնացէք թեթեւամիտ մարդոց կարեւորութիւն տալէ, որպէսզի չօգտագործեն ձեզ:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր վրայ վստահութիւն ունին ձեր գործակիցները: Մնացէք նոյն վարքով: Յարգեցէք տկարները եւ զօրաւորները նոյն չափով:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Կը կասկածիք կարգ մը անձերէ եւ չէք վստահիր այդպիսիներուն անկեղծութեան, դիւանագիտական չափանիշներով եւ կիրթ ձեւով հեռացէք անոնցմէ:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր գիտելիքներէն օգտուողներ կան: Այս կը նմանի բարեսիրական գործունէութիւն կատարելու` նիւթական օժանդակութեամբ: Չէք վնասեր:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր բախտին աստղը փայլուն պիտի ըլլայ այսօր: Անամպ երկինքի մը տակ պիտի կարենաք որոշել եւ իրագործել այն, ինչ որ կը փափաքէիք, առանց ուրիշին օգնութեան: Այս արդէն արժէք մըն է:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Խմբական զբօսաշրջութեան մը պիտի մասնակցիք մատչելի սակով: Օրը յարմար եւ բախտաբեր է ձեր խնդրանքները եւ բաղձանքը  իրագործելու:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Հոգ տարէք ձեր արտաքին տեսքին` վարսայարդարանքէն մինչեւ այլ մանրամասնութիւններ: Ձեր ճաշակով տարբեր պիտի տեսնուիք ընկերութեան մէջ:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Հարազատի մը հետ վէճ մը պիտի ունենաք, բայց ըրէք այնպէս, որ վերջին խօսքը ըսողը չըլլաք: Հարցը ծանրակշիռ է, թեթեւցուցէք:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ամէն անգամ որոշում մը կու տաք, քիչ մը շատ կը փոխէք ձեր միտքը: Հաստատ մնացէք ձեր որշումին վրայ, փոփոխամտութիւնը չի յարմարիր ձեզի:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Հաշիւի մէջ թէեւ զօրաւոր էք, բայց այսօր անուշադրութեամբ սխալ մը պիտի գործէք, որ կրնայ վնասել ձեր պիւտճէին: Ուղղեցէք այս սխալը:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Իր գործերը աւարտած անձի մը գոհունակութիւնը ունիք, բայց երբ մտածէք նոր պարտականութիիւններուն մասին, կը տրտնջաք: Համբերող եղէք:

Share this Article
CATEGORIES