Սեւրի Դաշնագիրը Եւ Քիւրտերը

Treaty_Of_SevresՍեւրի պայմանագիրը միջազգային-իրաւական առաջին փաստաթուղթն էր, որ կ՛անդրադառնար քիւրտերուն եւ կը ճանաչնար անոնց իրաւունքները պարտութեան մատնուած Օսմանեան կայսրութեան տարածքին մէջ: Դաշնագիրի 433 յօդուածներէն երեքը` 62-րդը, 63-րդը եւ 64-րդը, կ՛առնչուէին քիւրտերուն: 62-րդ յօդուածին մէջ կ՛ըսուէր. «Կոստանդնուպոլսոյ մէջ գտնուող եւ Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի եւ Իտալիոյ կողմէ նշանակուած երեք հոգիէ բաղկացած յանձնախումբը վեց ամսուան ընթացքին պիտի պատրաստէ կանոնակարգ մը` ինքնավարութեան վերաբերեալ գերակշիռ քիւրտ բնակչութիւն ունեցող այն շրջաններուն, որոնք ինկած են Եփրատէն արեւելք եւ Հայաստանի հարաւային սահմանէն հարաւ: Յանձնախումբին մէջ անհամաձայնութիւն ծագելու պարագային, հարցը կը լուծեն իրենք` համապատասխան երկիրներու կառավարութիւնները: Միաժամանակ պէտք է մշակուին կատարեալ երաշխիքներ` վերոյիշեալ շրջաններու ասորա-քաղդէական եւ այլ ազգային ու կրօնական փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան համար: Այդ նպատակով յատուկ յանձնախումբը, որուն մէջ, բացի բրիտանացի, ֆրանսացի եւ իտալացի ներկայացուցիչներէն, պէտք է մտնեն նաեւ պարսիկ եւ քիւրտ ներկայացուցիչներ, պիտի ուսումնասիրեն եւ անհրաժեշտութեան պարագային պիտի ճշդեն թուրք-պարսկական սահմանը»:

63-րդ յօդուածով Թուրքիան կը պարտաւորուէր եռամսեայ ժամկէտի մէջ ընդունիլ եւ իրագործել այդ զոյգ յանձնախումբերուն որոշումները:

64-րդ յօդուածը կ՛ազդարարէր, որ եթէ մէկ տարի ետք 62-րդ յօդուածին մէջ նշուած շրջաններու քիւրտ բնակչութիւնը դիմէ Ազգերու լիկայի խորհուրդին` նշելով, որ անոնց բնակչութեան մեծամասնութիւնը կ՛ուզէ Թուրքիայէն անկախ ըլլալ, իսկ Ազգերու լիկայի խորհուրդը վերջիններս անկախութիւն ունենալու ընդունակ համարէ, ապա Թուրքիան պարտաւոր է հրաժարիլ այդ շրջաններու նկատմամբ իր իրաւունքներէն: Եթէ քրտական պետութեան կազմին մէջ ցանկութիւն ունին մտնելու նաեւ Մուսուլի վիլայէթի քիւրտերը, ապա գլխաւոր դաշնակիցներ պիտի չառարկեն:

Այսպիսով, ՍեւրիդաշնագիրըկընախատեսէրսկիզբըԹուրքիոյտարածքինմէջստեղծելինքնավարՔիւրտիստան` անորտրամադրելովիրաւունք, որմէկտարիետքանիկաանջատուիԹուրքիայէնեւվերածուիանկախպետութեան: Յստակացուածչէրսակայն, թէինչպէ՞սեւի՞նչմիջոցներովպէտքէրիրականացուէրանցումըինքնավարութենէնդէպիանկախութիւն: ԱռնոլտԹոյնպինկընշէ, որքիւրտբնակչութիւնըոգեւորուածէրոչայնքանքրտականպետութեանստեղծմանհնարաւորութենէն, որքանտագնապածէրԱրեւմտեանՀայաստանըՀայաստանիՀանրապետութեանմիացուածտեսնելումտքէն: ՄուսթաֆաՔեմալնախսիրաշահեցաւքիւրտերըեւանոնցուժերըօգտագործեցԹուրքիոյթշնամիներուն, ներառեալ` Հայաստանիհանրապետութեանդէմպայքարինմէջ, ապապոլշեւիկներուհետհամատեղվերջդրաւնորաստեղծհայկականպետութեանեւ, վերջապէս, ազատութիւնստացաւքրտականհարցինմէջ` ատորլուծումըտեսնելովքրտականկոտորածներուեւբռնագաղթերումէջ: Թուրքերըատորփորձառութիւնըունէին: Քիւրտերըխաբուածէին, սակայնարդէնուշէր:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )