Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Նախարար Միրզոյեան Ընդունած Է ՀՄԸՄ-ի
Կլենտէյլի Սկաուտական Խումբ Մը

0815MirzoianԼեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան 14 օգոստոսին ընդունած է ճանաչողական այցելութեամբ Արցախ գտնուող ՀՄԸՄ-ի Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի (Կլենտէյլ) «Արարատ» մասնաճիւղին սկաուտները:

Կարէն Միրզոյեան ողջունած է երիտասարդները եւ` շեշտած, որ նմանատիպ այցելութիւններ շատ կարեւոր են` Արցախի եւ անոր ժողովուրդին ծանօթանալու իմաստով: Արտաքին գործոց նախարարը սկաուտներուն ներկայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութեան հիմնադրման պատմութիւնը եւ արտաքին քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւնները, ինչպէս նաեւ պատասխանած է հանդիպման մասնակիցներուն հարցումներուն:

 Գետամէջ Գիւղի Միակ Դպրոցը Պիտի Վերանորոգուի
«
Տը Պիութիֆուլ Փրոճեքթ» Խումբին Ջանքերով

0815beautifulԱյս ամրան մեծագոյն երաժշտական փառատօներէն մէկը տեղի ունեցաւ 15-16 օգոստոսին, Գետամէջ գիւղին մէջ, նպատակ ունենալով երկօրեայ ռոք-փառատօնի միջոցով միջոցներ գոյացնել` տեղւոյն միակ դպրոցը վերանորոգելու համար: Ստացուած ամբողջ հասոյթը պիտի տրամադրուի դպրոցին` մասնաւորապէս պատուհաններու վերանորոգութեան: Նախաձեռնողներն են «Տը պիութիֆուլ փրոճեք» խումբի ռոք մենակատար Անտրէ Սիմոնեանը, ինչպէս նաեւ կազմակերպիչներ` Սարօ Հասասեանը եւ Անահիտ Գալստեանը: Ընդհանուր երգահանդէսը 30 ժամ է. այս նախաձեռնութեան նպատակն է ընկերային հարցերու լուծման եւ կացութեան բարելաւման համար օգտագործել արուեստը, նաեւ` կենդանի երաժշտութիւնը լսելի դարձնել բոլորին: «Ձեռնարկը տեղի ունեցած էր նաեւ նախորդ տարի եւ իր շուրջ համախմբած էր մօտ 350 անձ: Բարեգործական երգահանդէսի գաղափարը առաջարկուած է Հասասեան ընտանիքին կողմէ, քանի որ Սարօ Հասասեանը ուսանած է Գետամէջի այդ դպրոցին մէջ եւ քաջածանօթ է պայմաններուն», յայտնած է մենակատար Անտրէ Սիմոնեանը:

«Տը պիութիֆուլ փրոճեքթ» խումբէն բացի, երգահանդէսին կը մասնակցէին «Էքս. ֆեքթըր» եւ «Տը վոյս» յայտագիրներու կարգ մը մասնակիցներ, ինչպէս նաեւ` շուրջ 10 ակմբային խումբեր:

Քինզըսի Ազգային Պահակագունդը
Բարեսիրական Ծրագիրներ Կը Կատարէ

0815kansasԱյս տարի Քենզըսի Ազգային պահակագունդը Հայաստանի հետ իր գործակցութեան ծիրը ընդարձակած է` երկու մարդասիրական ու քաղաքացիական աջակցութեան այլ նախաձեռնութիւններով:

Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան մամլոյ ծառայութենէն յայտնած են, որ Քենզըսի Ազգային պահակագունդի օդուժի ներկայացուցիչներու ջանքերով վերանորոգուած են Սիւնիքի մարզի Դարբաս համայնքի դպրոցն ու բժշկական կեդրոնը, եւ 14 օգոստոսին Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու փոխդեսպան Վ. Քլարք Փրայսը` Սիւնիքի մարզպետ Վահէ Յակոբեանի եւ Դարբասի համայնքապետ Մայիս Միրզոյանի հետ ներկայ գտնուած է այս կառոյցներու բացման արարողութեան:

Բացի ատկէ, Քենզըսի Ազգային պահակագունդի «KC-135» օդանաւով մարդասիրական նպատակով Հայաստան տարուած է Միացեալ հայկական հիմնադրամի դեղեր ու բժշկական պարագաներ, որոնց ընդհանուր արժէքը 4.1 միլիոն տոլար է:

Մարդասիրական նախաձեռնութիւնները կեանքի կոչուած են Քենզըսի Ազգային պահակագունդի, Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան Ռազմական համագործակցութեան գրասենեակի, Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան, պաշտպանութեան նախարարութեան, Միացեալ հայկական հիմնադրամի, կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան եւ առողջապահութեան նախարարութեան գործակցութեան իբրեւ արդիւնք: Դեսպանատան Ռազմական համագործակցութեան գրասենեակը հաղորդագրութեան մէջ յատուկ կերպով առանձնացուցած է «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանի եւ «Քաղաքացիական ավիացիայի վարչութեան» ցուցաբերած օգնութիւնը:

«Իմ Հայաստան»-ի Ծիրին Մէջ Կայացած Է Կլենտէյլի
«
Կոմիտաս» Երգչախումբին Երգահանդէսը

0814gomidas2Օգոստոս 7-ին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան «Իմ Հայաստան» համահայկական երկրորդ փառատօնի խմբերգային արուեստի օրերու ծիրին մէջ առաջին անգամ ըլլալով Հայաստանի Առնօ Բաբաջանեանի անուան համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Կլենտէյլէն ժամանած «Կոմիտաս» երգչախումբին երգահանդէսը` գեղարուեստական ղեկավար Միքայէլ Աւետիսեանի խմբավարութեամբ:

Սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան ներկաներուն փոխանցեց սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին ողջոյնը եւ ափսոսանքը, որ հանգամանքներու բերումով մայրաքաղաքը չի գտնուիր եւ չի կրնար մասնակցիլ Երեւանի մէջ «Կոմիտաս» երգչախումբին առաջին երգահանդէսին: Նախարարի տեղակալը ըսած է. «Քալիֆորնիոյ Հայ երիտասարդաց միութեան «Կոմիտաս» երգչախումբը հիմնադրուած է 2004-ին` սփիւռքի մէջ հայ մշակոյթն ու հայ լեզուն պահպանելու նպատակով: 48 անդամ ունեցող երգչախումբը ամէն տարի հոկտեմբերին համերգային ծրագիրով կը մասնակցի մշակոյթի ամսուան նուիրուած ձեռնարկին: Համերգներ տուած է արդէն Քալիֆորնիոյ Ֆրեզնօ եւ Սան Ֆրանսիսքօ քաղաքներուն մէջ, մասնակցած է բազմաթիւ ձեռնարկներու եւ պարգեւատրուած` մրցանակներով ու պատուոյ գիրերով:

0814gomidas3Հայապահպանութեան իմաստով ունեցած մեծ ներդրումին եւ ազգանպաստ մեծածաւալ աշխատանքներ կատարելու համար սփիւռքի նախարարին հրամանով երգչախումբը կը պարգեւատրուի նախարարութեան բարձրագոյն պարգեւով` ոսկի մետալով», յայտնած է ան:

Երգչախումբին ստեղծման դժուար գործին մէջ ունեցած մեծ աւանդին ու մեծն Կոմիտասի արուեստի անխոնջ քարոզչութեան համար սփիւռքի նախարարութեան «Կոմիտաս» մետալով պարգեւատրուեցաւ նաեւ երգչախումբին սիւներէն մէկը` Վարանդ Յովնանեանը:

Համերգին ներկայ էր եւ ոգեւորութեամբ ելոյթներուն հետեւեցաւ նաեւ մեծ բարերար Վահագն Յովնանեանը կնոջ` Յասմիկ Յովնանեանին հետ:

«Կոմիտաս» երգչախումբը, որուն երգացանկին մէջ ընդգրկուած են Կոմիտասի, Սայաթ Նովայի, Մ. Եկմալեանի, Բ. Կանաչեանի, Խ. Աւետիսեանի ստեղծագործութիւնները եւ հայկական ժողովրդական երգեր, ելոյթ ունեցաւ լեցուն դահլիճի մէջ եւ արժանացաւ հանդիսատեսի բուռն ծափահարութիւններուն ու բարձր գնահատանքին:

Հարիւրաւոր Հայ Երիտասարդներ
Միասնութեան Շուրջպար Բռնած Են
Ստեփանակերտի Մէջ

0814miasnutyunՍտեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ 12 օգոստոսի երեկոյեան միասնութեան շուրջպար բռնած են արցախցի, ինչպէս նաեւ Գորիսէն ու սփիւռքէն ժամանած հարիւրաւոր պատանիներ ու աղջիկներ: Երիտասարդութեան միջազգային օրուան առիթով կայացած այս շուրջպարը կազմակերպուած է մշակոյթի եւ երիտասարդութեան նախարարութեան կողմէ եւ բաղկացած է երեք մասէ` ազգային աւանդական խաղեր, ազգային պարեր, որոնց կարգին` միասնութեան շուրջպար եւ համերգային ծրագիր:

Լեռնային Ղարաբաղի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան նախարարութեան երիտասարդութեան հարցերու բաժինի պետ Դաւիթ Ղուկասեան յայտնած է, որ պարային կատարումներով, նաեւ միասնութեան շուրջպարով հանդէս եկած են «Արցախ ազգային պար» նախաձեռնութեան մասնակիցները, Հադրութի շրջանի Տող, Մարտունիի շրջանի Ճարտար գիւղերու արուեստներու դպրոցներուն սաները, մարտակերտցի եւ գորիսեցի, ինչպէս նաեւ Արցախի մէջ ամառնային արձակուրդի եկած սփիւռքահայ տղաներն ու աղջիկները` շուրջ 300 հոգի:

Հրապարակին վրայ հաւաքուած հազարաւոր ստեփանակերտցիներու եւ մայրաքաղաքի հիւրերուն ազգային-ժողովրդագրական երգերէ բաղկացած համերգային ծրագիր հրամցուցած է Արցախի «Մենք ենք, մեր սարերը» երգի-պարի պետական համոյթը:

«Այս նախաձեռնութիւնը արդէն աւանդական դարձած է եւ երրորդ տարին է, որ այսպէս շուքով կը նշուի Երիտասարդութեան միջազգային օրը` փորձելով ամէն տարի նորութիւն մը բերել», նշած է Դաւիթ Ղուկասեան` աւելցնելով, որ նման ձեռնարկներով հանդէս եկած են նաեւ զօրամասերուն մէջ: Հաստատելով, որ այս նախաձեռնութիւնը շարունակական պիտի ըլլայ, պատասխանատուն նշած է, որ իրենց նպատակն է ո՛չ միայն համախմբել հայ երիտասարդութիւնը եւ նպաստել անոր ռազմահայրենասիրական դաստիարակութեան, այլ նաեւ` օգնել, որպէսզի աճող սերունդը չմոռնայ ու պահպանէ ազգային եւ աւանդական երգերն ու պարերը, առհասարակ` հայկական մշակոյթը, օժանդակել, որպէսզի աշխարհասփիւռ հայ երիտասարդները անմիջական ու ջերմ մթնոլորտի մէջ կապ հաստատեն եւ ծանօթանան իրարու:

Իրենց Արձակուրդը Արցախի Մէջ Անցընող
Հայաստանցիներուն Թիւը Աւելցած Է

Հայաստանի մէջ 2013-ին զգալիօրէն աւելցած է ներքին զբօսաշրջութեան ուղեւորութիւններուն թիւը: 13 օգոստոսին մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարած է Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութեան զբօսաշրջութեան եւ տնտեսական զարգացման վարչութեան պետ Մեխակ Ապրեսեանը: Ըստ անոր, 2013-ին հայրենիքի մէջ արձակուրդ անցընել որոշած է շուրջ 670 հազար հոգի, ինչ որ 30 տոկոսով աւելի է 2012-ի ցուցանիշէն:

«Այստեղ իր դերը կը խաղայ նաեւ ընկերային թղթածրարը` կրտսեր եւ միջին օղակի պետական պաշտօնեաներուն համար, որ  կը գործէ 2012-էն: Եթէ 2012-ին այս թղթածրարի հիման վրայ Հայաստանի եւ Ղարաբաղի մէջ արձակուրդ անցուցած է 25 հազար մարդ, ապա 2013-ին` արդէն 60 հազար: Կ’ուզեմ նշել, որ մեկնողներու թիւի աճ նկատելի է ոչ միայն Հայաստանի, այլ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ», հաստատած է Ապրեսեան:

Երեւանի Մէջ Պիտի Վերանորոգուի 727 Շէնքի Մուտք

Բազմաբնակարան բնակելի շէնքերու պահպանման եւ բնակիչներու յարմարաւէտութեան ապահովման նպատակով ի գործ դրուող ծրագիրներու ծիրին մէջ Երեւանի քաղաքապետարան-վարչական շրջան-համատիրութիւն համագործակցութեամբ մայրաքաղաքին մէջ կը շարունակուի շէնքերու մուտքերու վերանորոգման աշխատանքները:

«2014 թուականին նախատեսուած է վերանորոգել 727 մուտք: Աւելի քան 470 շէնքի մէջ այդ աշխատանքները արդէն աւարտած են: Մուտքերու վերանորոգման աշխատանքներու ծիրին մէջ կը կատարուին ներքին յարդարում, ինչպէս նաեւ` պատուհաններու փոփոխութիւն: Շէնքերու մեծ մասին մէջ նորոգութիւնները կը ներառեն բոլոր յարկաբաժինները:

Վերանորոգման պատշաճ որակ ապահովելու եւ մուտքերը բնակիչներուն երկար ծառայեցնելու համար կը կատարուի ամէնօրեայ հսկողութիւն», նշուած է քաղաքապետարանին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ:

Մայրաքաղաքին մէջ առկայ շուրջ 5 հազար բազմաբնակարան բնակելի շէնքերը, որոնց մէկ մասը թէեւ սեփական տարածք են, ունին իրենց կից բացատներ, բայց եւ այնպէս Երեւանի քաղաքապետարանը պարբերաբար կ’ուսումնասիրէ եւ ծրագիրներ կը գործադրէ բոլոր շէնքերուն համար` աւելի լաւ պայմաններու ստեղծման նպատակով:

Նաւասարդը Երեւանի Մէջ Նշուեցաւ
Ազգային Պարեղանակներով

0813NavasartԲուն հայոց տոմարին համաձայն, հայ ազգը թեւակոխած է 4506 թուական: Ազատութեան հրապարակին վրայ «Մենք» ազգային արժէքներու պահպանման հիմնարկը եւ «Նաւասարդ ազգային զարթօնք» հասարակական կազմակերպութիւնը այդ առիթով կազմակերպած են նաւասարդեան տօնակատարութիւններ: Հրապարակին վրայ կը տիրէր տօնական մթնոլորտ. «Կարին» ազգագրական երգի-պարի համոյթը ներկայացուցած է բազմաթիւ պարեր:

«Այսօր Նաւասարդի մէկն է` օգոստոսի 11-ը, եւ մենք Հայկի յաղթանակին նուիրուած տօնակատարութիւն կը կազմակերպենք: 1.5 ժամ կը պարենք: Ոչ միայն արհեստավարժ պարողները հանդէս կու գան, այլ նաեւ` բոլոր փափաքողները: Կը շնորհաւորեմ բոլորիս տօնը», յայտնած է «Նաւասարդ ազգային զարթօնք» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Սամուէլ Յունանեան:

«Կարին» ազգագրական երգի-պարի համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Գագիկ Գինոսեանն ու ամբողջ համոյթը ողջ երեկոյեան կրեցին հայկական աւանդական տարազ: «Այսօր Հայկի եւ Բէլի ճակատամարտի օրն է: Անիկա  տեղի ունեցած է Վասպուրական աշխարհին մէջ, այդ պատճառով ալ մենք այսօր կը ներկայանանք տուեալ տարածաշրջանին բնորոշ տարազով: Հայկի եւ Բէլի ճակատամարտի օրը Հայկը հայկեան տոհմին համար ընտրեց անկախութեան ճանապարհը եւ մեր ազգը ազատեց Բէլին լուծէն», ընդգծած է Գագիկ Գինոսեան:

Ան ափսոսանքով նշած է, որ հայերը քիչ տեղեկութիւն ունին տօնին մասին: «Ասիկա բոլորիս բացթողումն է, հետագային նման ձեռնարկներ պէտք է աւելի մեծ տարողութեամբ կայանան», աւելցուցած է գեղարուեստական ղեկավարը:

Ծաղկաձորի Մէջ Կայացաւ Լէոնիդ Ենգիպարեանի
Անուան Մնջախաղի Չորրորդ Միջազգային Փառատօնը

Ծաղկաձորի մէջ կայացաւ Լէոնիդ Ենգիբարեանի անուան մնջախաղի չորրորդ միջազգային փառատօնը: 10-15 օգոստոսի հինգ երկիրներէ դերասաններ եւ թատերախումբեր երեկոները բաց ներկայացումներ եւ վարպետութեան դասեր տուին Ծաղկաձորի բնակիչներուն եւ հոն գտնուող այցելուներուն:

«Մայրաքաղաքէն դուրս կազմակերպուող այս նախաձեռնութիւնները պատճառ կը դառնան, որ հանդիսատեսի նոր շերտեր ձեւաւորուին, քանի որ մշակութային կեանքը նօսր է մարզերուն մէջ, եւ ատիկա կը լրացուի միջազգային փառատօնով: Մեր գերխնդիրն է ամրագրելով Ծաղկաձորը որպէս կեդրոն` փառատօնը տարածենք տարբեր մարզերու ուղղութեամբ», փառատօնի բացումէն ետք ըսած է փառատօնի գործադիր տնօրէն Ժիրայր Դադասեանը:

Հինգ օր անընդմէջ Ծաղկաձորի զով երեկոները զարդարեցին հայ աճպարարներու, ծաղրածուներու, աւազանկարիչի, ինչպէս նաեւ թայլանտցի կատակերգուներու, փուչիկներէ անասուններու կերպարներ պատրաստող ֆրանսացի միմոսին, գերմանացի ու ճափոնցի մնջախաղի դերասաններու ներկայացումները:

Փառատօնը իրականութիւն դարձած է մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ: Պիւտճէն կազմած է 9 միլիոն դրամ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )