Ըստ Արաբական Ծոցէն Աղբիւրներու. Քաթար Ծոցի Համագործակցութեան Խորհուրդի Անդամ Երկիրներուն Իր Տուած Խոստումները Չի Յարգեր
Արաբական ծոցէն աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնած են, որ հակառակ Ռիատի համաձայնութեան գործադրութեան նկատմամբ Տոհայի յանձնառութիւնը հաստատելու համար ճշդուած մէկ շաբթուան պայմանաժամը իր աւարտին մօտենալուն, Քաթարի հետ ճգնաժամը տեղքայլի մէջ է:
Բարձրաստիճան աղբիւրներ օրաթերթին յայտնած են. «Գետնի վրայ իրողութիւնները ցոյց չեն տար, թէ Քաթար կը յարգէ համագործակցութեան խորհուրդի անդամ իր եղբայր պետութեանց իր տուած խոստումները»:
CATEGORIES Միջազգային

