ՏԱՀԵՇ Խոստացած Է Միացեալ Նահանգները Խեղդել Արեան Մէջ
Lenta.ru կայքը` յղում կատարելով «Ռոյթըրզ»-ին, կը հաղորդէ, որ ՏԱՀԵՇ սպառնացած է Միացեալ Նահանգներուն:
Անգլերէնով պատրաստուած ուղերձին մէջ, որուն տեսանիւթը հրապարակուած է համացանցին վրայ, խմբաւորման ներկայացուցիչները կը խոստանան ամէն տեղ յարձակիլ ամերիկացիներու վրայ, եթէ Ուաշինկթըն չդադրեցնէ Իրաքի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն դէմ հասցուող օդային հարուածները:
«Մենք բոլորդ պիտի խեղդենք արեան մէջ», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Երէկ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա յայտարարած էր Իրաքի մէջ ամերիկեան օդային հարուածներու արդիւնաւէտութեան մասին, որուն շնորհիւ կարելի եղած է վերականգնել վերահսկողութիւնը Մուսուլի զինուորական շրջաններուն վրայ: «Վերջին 11 օրերուն հասցուած ամերիկեան օդային հարուածներուն շնորհիւ կասեցուած է ահաբեկիչներուն յառաջխաղացքը դէպի Էրպիլ», ըսած էր Օպամա:
Ան նշած էր, որ իրաքեան եւ քրտական ուժերը յառաջխաղացք արձանագրած են վերատիրանալով Մուսուլի ամբարտակին` նշելով. «Մենք Իրաքի մէջ մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրելու համար միջազգային դաշինք մը կը ղեկավարենք»:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած էր. «Իրաքեան կառավարութեան պիտի աջակցինք պայքարելու համար ծայրայեղականութեան եւ ահաբեկչութեան դէմ»` աւելցնելով. «ՏԱՀԵՇ սպառնալիք մըն է բոլոր իրաքցիներուն եւ շրջանին» եւ «անհրաժեշտ է միջազգային ջանքերը մէկտեղել ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու համար, իսկ իրաքցի ժողովուրդը պէտք է միաւորուի ՏԱՀԵՇ-ը իր հողերէն վտարելու համար»:

