Մաքսային Միութեան Երկիրները Կրնան Սկսիլ Ռուսիոյ Մատակարարել Իրենց Մօտ Վերամշակուած Արտադրութիւնը

0819_Russia«Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ փոխվարչապետ Արկադի Տվորքովիչ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւի հետ հանդիպումին ընթացքին յայտարարած է, որ Մաքսային միութեան երկիրները կրնան սկսիլ Ռուսիոյ մատակարարել իրենց տարածքներուն մէջ վերամշակուած գիւղատնտեսական արտադրութիւնը, որ պատժամիջոցներու ենթարկուած է:

«Անշուշտ` Մաքսային միութեան մեր գործընկերները կրնան շահիլ այս իրավիճակին մէջ, որովհետեւ անոնց տարածքին մէջ պիտի վերամշակուի այն արտադրութեան մէկ մասը, որ նախապէս անմիջապէս կ՛ուղարկուէր մեզի: Անոնք պիտի մատակարարեն արդէն վերամշակուած արտադրութիւնը», յայտարարած է Տվորքովիչ:

Մետվետեւ ընդգծած է, որ վերամշակուած արեւմտեան արտադրութեան Մաքսային միութեան երկիրներէն մատակարարման պարագային անհրաժեշտ պիտի ըլլայ ուշադիր հետեւիլ այդպիսի վերամշակման աստիճանին: Ան նշած է, որ Պիելոռուսիոյ եւ Ղազախստանի մէջ պէտք է ստեղծուի արտադրութեան արժէքի հիմնական մասը:

Ռուսիան 7 օգոստոսէն ի վեր մէկ տարիով արգիլած է միսի, միրգերու, բանջարեղէնի, կաթի եւ կաթնեղէնի ներածումը Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներէն, Միացեալ Նահանգներէն եւ Մոսկուայի դէմ պատժամիջոցներուն աջակցող այլ երկիրներէ:

Նշենք, որ Եւրոպական յանձնաժողովը երկուշաբթի օր յայտարարած էր, որ 125 միլիոն եւրօ գումար պիտի յատկացնէ` աջակցելու ռուսական պատժամիջոցներէն վնասուած արտադրողներուն:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )