Կազայի Մէջ Զինադադարը Վերջ Գտաւ
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու իսրայէլեան բանակին հրահանգեց վերսկսիլ հարուածները Կազայի դէմ` պատրուակելով, որ այդտեղէն երեք հրթիռ արձակուած է:
Իսրայէլեան կառավարութենէն աղբիւր մը «Ռոյթըրզ»-ին յայտնեց. «Համասի կողմէ զինադադարի խախտումին իբրեւ պատասխան վարչապետն ու պաշտպանութեան նախարարը հրաման արձակած են վերսկսելու հարուածները Կազայի հատուածի ահաբեկչական թիրախներուն ուղղութեամբ»:
Ի պատասխան Իսրայէլի կողմէ գործուած օդային հարուածներուն, պաղեստինեան դիմադրութիւնը հրթիռակոծեց տարբեր իսրայէլեան բնակեցման վայրեր:
19 օգոստոսի լուսցող գիշերը Պաղեստինի եւ Իսրայէլի ներկայացուցիչները Գահիրէի մէջ բանակցութիւններու ընթացքին համաձայնած էին զինադադարը յաւելեալ 24 ժամով երկարաձգելու:
11 օգոստոսէն ի վեր Եգիպտոսի մէջ իսրայէլեան եւ պաղեստինեան պատուիրակութեանց միջեւ բանակցութիւններ կը կատարուին` Կազայի մէջ զինադադար հաստատելու համար:

