Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի Եւ Վրաստանի Պաշտպանութեան Նախարարները Հանդիպած Են Նախիջեւանի Մէջ

azerbaijan_georgia_turkey_defens_ministr_190814_1ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ երէկ Նախիջեւանի մէջ տեղի ունեցած է Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի, Վրաստանի պաշտպանութեան նախարար Իրաքլի Ալասանիայի եւ Թուրքիոյ ազգային պաշտպանութեան նախարար Իսմեթ Եըլմազի եռակողմ հանդիպումը:

Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութենէն ԱՓԱ լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ հանդիպումին ընթացքին կարծիքներ փոխանակուած են շրջանի ռազմաքաղաքական եւ անվտանգութեան իրավիճակին շուրջ:

Նախարարները քննարկած են նաեւ զինուորական մարզին մէջ փոխադարձ գործակցութեան առնչուող հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր:

Հանդիպումին ընթացքին որոշում տրուած է այսպիսի հանդիպումներ կազմակերպել վեց ամիս անգամ մը:

Share this Article
CATEGORIES