Իրաքեան Ուժերը Թիքրիթը Ազատագրելու Գործողութիւն Մը Շղթայազերծեցին
«Պի.Պի.Սի.»-ի ռուսական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ իրաքեան բանակը Թիքրիթի ուղղութեամբ հակայարձակումի անցած է:
Իրաքեան կառավարութիւնը յայտարարած է Սատտամ Հիւսէյնի ծննդավայր Թիքրիթը ՏԱՀԵՇ-էն ազատագրելու գործողութեան սկիզբը:
Ըստ զինուորականներուն, զօրքերը շարժած են երկու ուղղութիւններով: Բուռն բախումներ տեղի ունեցած են մասնաւորաբար Թիքրիթի հարաւը գտնուող Շիշէյն հովիտին մէջ:
Աւելի ուշ, «Ռոյթըրզ» հաղորդեց, որ իրաքեան ուժերը ՏԱՀԵՇ-ի բուռն դիմադրութեան հանդիպելով դադրեցուցած են Թիքրիթի դէմ շղթայազերծուած գործողութիւնը:
Միւս կողմէ, քրտական ուժերը յառաջացան Սինժարի մօտ գտնուող Զիմարի եւ Ուանայի մէջ` ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն մատակարարման ճամբան կտրելու համար:
Յիշեցնենք, որ երկուշաբթի օր իրաքեան եւ քրտական ուժերը ամերիկեան օդուժին օժանդակութեամբ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն ձեռքէն խլած էին Իրաքի մեծագոյն ամբարտակը, որ կը գտնուի Մուսուլի մէջ:

