Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Կը Բողոքէ

(The Daily Star)
Ելեկտրականութեան ընկերութեան տնօրէնութիւնը երէկ բողոքագիր մը յղեց ընդհանուր դատախազութեան, որմէ պահանջեց վերջ տալ սարակներուն կողմէ Ելեկտրականութեան ընկերութեան դէմ գործադրուող մագլցողական քայլերուն:
Բողոքագիրին մէջ շեշտուեցաւ, որ սարակներուն կողմէ ընկերութեան մուտքի դռներուն փակումը, ընկերութեան շրջափակին մէջ վրաններ լարելու դրութիւնն ու քաղաքացիներուն եւ պաշտօնեաներուն ընկերութիւն մուտքը արգիլելու քայլերը օրինազանցութիւն կը նկատուին, եւ պէտք է վերջ դնել այդ բոլորին:
Ելեկտրականութեան ընկերութեան տնօրէնութիւնը նոյն բողոքագիրէն երկու օրինակ ղրկեց ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի եւ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութեան` պահանջելով Ելեկտրականութեան ընկերութեան մուտքին համապատասխան օրինական միջոցառումներուն դիմել:

