Միացեալ Նահանգներ Յանձնառու Են Լիբանանեան Բանակին Ապահովելու Այնպիսի Զինում Մը, Որ Կ՛երաշխաւորէ Երկրին Գերիշխանութեան Պաշտպանութիւնը
Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ ամերիկացի քոնկրեսական Տերիլ Իսա Լիբանան կատարած իր պաշտօնական այցելութեան ընթացքին հանդիպումներ ունեցաւ լիբանանցի պատասխանատուներու հետ` քննարկելու համար լիբանանեան եւ շրջանային հարցերն ու իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ հաստատելու ամերիկեան-լիբանանեան ամուր գործակցութիւնը:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Իսա վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին նշած է, որ Միացեալ Նահանգներ յանձնառու են լիբանանեան բանակին ապահովելու այնպիսի զինում մը, որ կ՛երաշխաւորէ երկրին գերիշխանութեան պաշտպանութիւնը, ազատութիւնը, անկախութիւնն ու կայունութիւնը:
CATEGORIES Լիբանանեան

